Պաքուի մէջ աւարտած է բռնագրաւուած Արցախի Հանրապետութեան ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան ներկայացուցիչներու գործով նախաքննութիւնը: Ատրպէյճան անոնց դէմ «պատմամշակութային յուշարձաններու ոչնչացման» մեղադրանք ներկայացուցած է: Այս մասին յայտնած է Ատրպէյճանի ընդհանուր դատախազ Քեամրան Ալիեւ:
Ան նաեւ աւելցուցած, որ ձերբակալուածներու բոլոր իրաւունքները «պաշտպանուած» են, անոնցմէ իւրաքանչիւրը ունի քանի մը փաստաբան:
«Անոնցմէ իւրաքանչիւրը իրաւունք ունի ծանօթանալու գործի նիւթերուն», ըսած է Ալիեւ:
Ատրպէյճանի ընդհանուր դատախազութիւնը քրէական գործեր յարուցած է բռնագրաւուած Արցախի Հանրապետութեան նախկին ռազմաքաղաքական ղեկավարներէն 15-ին նկատմամբ: 2023 թուականի սեպտեմբերին Արցախի Հանրապետութեան դէմ Ատրպէյճանի գործած զանգուածային զինուորական յարձակումին պատճառով անոնք ապօրինաբար կալանաւորուած են, տարուած Պաքու:
Անոնց մեղադրանք առաջադրուած է ահաբեկչութեան, ահաբեկչութեան ֆինանսաւորման, օրէնքով չնախատեսուած զինեալ կազմաւորումներ ու խմբաւորումներ ստեղծելու, ահաբեկչութեան նպատակով վարժանքներ կատարելու համար:
Այժմ Պաքուի մէջ ապօրինի կալանքի տակ կը պահուին Արցախի Հանրապետութեան նախկին նախագահներ Արկատի Ղուկասեան, Բակօ Սահակեան եւ Արայիկ Յարութիւնեան, Ազգային ժողովի նախագահ Դաւիթ Իշխանեան, նախկին արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեան, Պաշտպանութեան բանակի նախկին հրամանատար Լեւոն Մնացականեան, նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան եւ զինեալ ուժերու շտապի նախկին պետ Դաւիթ Մանուկեան: