Տուպլինի մէջ ընթացող ԵԱՀԿ Խորհրդարանի վեհաժողովի աշնանային նստաշրջանին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի անդամ, ՀՀ Ազգային Ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Լիլիթ Գալստեան ընտրուած է վեհաժողովի երկրորդ մեծ խմբակցութեան՝ ընկերվարներու եւ ընկերվար-ժողովրդավարներու խմբակցութեան /SDSP/ փոխնախագահ:
Այս մասին կը տեղեկացնէ Լիլիթ Գալստեան:
«Շատ պարտաւորեցնող է․ պիտի շարունակեմ միջազգային հարթակներու վրայ եւ յատկապէս ընկերվարներու մեծ ընտանիքին մէջ ներկայացնել ու պաշտպանել Հայաստան-Արցախի շահը», ըսած է ան։