6 Հոկտեմբեր 2024-ին, Չարենցի 20-ին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՕՄ-ի Հայաստանի Շրջանային Վարչութեան նոր գրասենեակի բացման պաշտօնական արարողութիւնը։
Վերանորոգուած սրահը անուանուեցաւ բարերարներ Կարօ և Ալիս Կիւեղեաններու պատուին։
Բարերարին՝ տիկին Ալիս Կիւրեղեանի առաջնորդութեամբ կտրուեցաւ խորհրդանշական կարմիր ժապաւէնը՝ հրաւիրեալներու ծափողջոյններուն ընկերակցութեամբ։
Ատենապետուհի Մարո Քէշիշեան իր ողջոյնի խօսքը ուղղեց ներկաներուն, այնուհետև ներկայացուց Ալիս Կիւրեղեանի կենսագրութիւնն ու ամուսիններուն կատարած ազգանուէր աշխատանքները։

Յուզիչ, բայց միեւնոյն ատեն ոգևորող էր Ալիս Կիւրեղեանի ելոյթը։
Շնորհաւորանքի խօսքով հանդէս եկաւ նաեւ ՀՕՄ-ի Հայաստանի Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչ Զոյա Քոչարեան։
ՀՕՄ-ի հայրենանուէր աշխատանքը բաձր գնահատեց Իկոր Սարգսեան, ընդգծելով հայ կնոջ կարևորութիւնը հայակերտման գործին մէջ։
1910 թուականին, Նիւ Եորքի մէջ ականաւոր գործիչ էտկար Ակնունին հիմնադրելով Հայ Օգնութեան Միութիւնը, քաջ կը գիտակցէր, որ հայ կինը ամէն զոհողութիւն յանձն առնելով իր բարեսիրական ծառայութիւնը պիտի մատուցէ ազգին ու հայրենիքին։
Ձեռնարկի ընթացքին Արցախի Թեմի Առաջնորդ Վրթանէս եպիսկոպոս Աբրահամեան կատարեց օրհնութեան կարգ։
ՀՕՄ-ի Հայաստանի Շրջանային Վարչութեան նախաձեռնութեամբ մատուցուեցաւ գեղեցիկ հիւրասիրութիւն։