Սուրիոյ Քաղաքացիական թռիչքներու եւ օդային փոխադրութեան վարչութեան ատենապետ՝ Օմար ալ-Հուսայրի, տեսակապի միջոցով խորհրդակցութիւն մը ունեցաւ Սէուտական Արաբիոյ Ներդրումներու փոխնախարար՝ Ապտալլա պըն Ալի ալ-Տուպայրիի հետ։
Ժողովին ընթացքին քննարկուեցան Հալէպի միջազգային օդակայանի արդիականացման ու շահագործման ծրագրին գործնական քայլերն ու ժամանակացոյցը։
Քաղաքացիական թռիչքներու ընդհանուր վարչութիւնը «Թելեկրամ»-ի իր պաշտօնական էջով տեղեկացուց, որ Երկուշաբթի օրուան այս հանդիպումը կեդրոնացած էր վերջերս վարչութեան եւ սէուտական «Իլաֆ» ներդրումային հիմնադրամին միջեւ ստորագրուած համաձայնագիրի կէտերուն վրայ։
Զրոյցի ընթացքին արժեւորուեցան դաշտային աշխատանքներու սկսելու համար անհրաժեշտ կարգադրութիւնները, որպէսզի ապահովուի օդակայանի ծառայողական որակը՝ միջազգային արհեստագիտական ու իրաւական արդի չափանիշերուն համապատասխան։
Այս հանդիպումը տեղի կ՚ունենայ երկկողմանի գործակցութեան շրջագիծէն ներս՝ աշխուժացնելու օդային փոխադրութեան մարզը եւ բարեփոխելու սուրիական օդակայաններու ենթակառոյցները։ Այս քայլը պիտի նպաստէ առեւտրական ու փոխադրական շարժումի դիւրացման, ինչպէս նաեւ պիտի վերակենդանացնէ Հալէպի օդակայանի կենսական դերը տարածաշրջանային եւ միջազգային թռիչքներու քարտէզին վրայ։