Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոեան 14 Ապրիլին աշխատանքային այցելութեամբ Պրիւքսէլ մեկնեցաւ։
«Արմէնփրէս»-ի համաձայն, այս մասին յայտնած են Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութենէն։
Հաղորդագրութեան համաձայն՝ ծրագրուած են նախարար Միրզոյեանի հանդիպումներ Եւրոպական Միութեան գործընկերներու, այդ կարգին՝ արտաքին քաղաքականութեան բարձր ներկայացուցիչ Կայա Քալասի հետ։