Սուրիոյ Հաղորդակցութեան ընկերութիւնը յայտարարեց ամբողջական վերականգնումը Հալէպի համացանցի ծառայութեան, որ ընդհատուած էր հիմնական ցանցերէն մէկուն խանգարման հետեւանքով։

Ընկերութիւնը «ՍԱՆԱ» գործակալութեան յղած իր յայտարարութեան մէջ յայտնեց, որ արուեստագիտական խումբերը աւարտած են վնասուած մալուխի նորոգման աշխատանքը, ներառեալ՝ անհրաժեշտ փորձարկումներու գործընթացը։ Այս աշխատանքներուն շնորհիւ, վերջին քանի մը ժամերու ընթացքին կապը աստիճանաբար վերադարձած է բաժանորդներուն։

Ընկերութիւնը հաստատեց, որ ցանցը ներկայիս կը գործէ կայուն կերպով՝ աւելցնելով, որ ջանքերը կը շարունակուին ծառայութեան յարատեւութիւնը երաշխաւորելու եւ նման խափանումներու կրկնութիւնը կանխելու համար։