Հայաստանի Հանրապետութեան ելեւմուտքի նախարար Վահէ Յովհաննիսեան ընդունած է Քաթարի Պետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Մանսուր Ապտալլա ալ-Սուլայթինին:
«Արմէնփրէս»-ի համաձայն, հանդիպման ընթացքին կողմերը վերահաստատած են Հայաստանի եւ Քաթարի միջեւ բարեկամական ու փոխշահաւէտ կապերու ամրապնդման կարեւորութիւնը:
Կողմերը քննարկած են երկկողմանի տնտեսական գործակցութեան ընդլայնման հեռանկարները: Այս ծիրին մէջ կարեւոր համարուած է երկու երկիրներուն միջեւ ստորագրուած «Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան եւ Քաթարի Պետութեան կառավարութեան միջեւ կրկնակի հարկերու բացառումի» համաձայնագիրը, որ նպաստաւոր պայմաններ կը ստեղծէ գործարար կապերու աշխուժացման համար:
Ներկայիս կը նախատեսուի խորացնել երկու երկիրներու գործակցութիւնը ներդրումային մարզին մէջ, ինչպէս նաեւ ապահովել գիտելիքի ու փորձառութեան փոխանակում՝ ուժանիւթի, ենթակառոյցներու, երկրագործութեան եւ թուային փոխակերպման ոլորտներուն մէջ: