Այսօր առաւօտուն, Փարիզի մէջ սկիզբ առաւ Սփիւռքի զօրաշարժին նուիրուած խորհրդաժողովը, որուն նպատակն է դիմագրաւել վերջին տարիներուն հայութիւնը ցնցած աննախադէպ տագնապներն ու մարտահրաւէրները։
Խորհրդաժողովին նպատակն է հաւաքաբար քննարկել իրավիճակը, զօրաշարժի ենթարկել Սփիւռքը՝ ձեւաւորելով միասնական ու նպատակաուղղուած դիրքորոշում՝ ի պաշտպանութիւն եւ ի հզօրացում Հայաստանի պետութեան, հայկական սփիւռքին եւ, առհասարակ, հայկական ազգային շահերուն ու Հայ Դատին։

Խորհրդաժողովը համախմբած էր աւելի քան 25 երկիրներէ շուրջ 150 ներկայացուցիչներ, որոնց կարգին են համայնքային առաջնորդներ, կազմակերպութիւններու պատասխանատուներ, հանրային-քաղաքական գործիչներ, գիտնականներ, մասնագէտներ, գործարարներ եւ երիտասարդներ։
Օրակարգի առանցքային կէտերն են.
• Սփիւռքի ռազմավարական դերը ազգային հիմնախնդիրներու լուծման գործին մէջ եւ քաղաքական օրակարգը.
• Ազգային արժէքներու եւ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ կարեւորութիւնը Սփիւռքի մէջ՝ հայկական ինքնութեան պահպանման առումով. նոր իրավիճակի մարտահրաւէրները.
• Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու հիմնահարցերն ու հորիզոնները. Սփիւռքը՝ իբրեւ հայկական աշխարհի «փափուկ ուժի» (soft power) բաղադրիչ.
• Սփիւռքի զօրաշարժն ու վերաշխուժացումը՝ յանուն համահայկական նպատակներու։
Աւարտին, խորհրդաժողովը աշխարհասփիւռ հայութեան պիտի ուղղէ կոչ-յայտարարութիւն մը, որուն պիտի յաջորդեն քաղաքական, տեղեկատուական, համայնքային եւ այլ նախաձեռնութիւններ։