Քաղաքացիական թռիչքներու եւ օդային փոխադրութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը յայտարարեց Սուրիոյ հարաւային օդային ուղիներու փակման առնչուող նախազգուշական քայլերու երկարաձգումը եւ Դամասկոսի միջազգային օդակայանի թռիչքներու կասեցման շարունակումը՝ մինչեւ Երկուշաբթի, ժամը 23:00:
Տնօրէնութիւնը այսօր՝ Երկուշաբթի, «Թելեկրամ»-ի իր պաշտօնական ալիքով հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ պարզաբանեց, որ երկարաձգման որոշումը տրուած է տարածաշրջանային զարգացումներուն եւ վտանգներու կառավարման մասնագիտացած յանձնախումբին կողմէ կատարուած գնահատումներուն լոյսին տակ:
Տնօրէնութիւնը հաստատեց, որ այս քայլերը կը միտին պահպանել թռիչքներու ապահովութիւնը՝ որդեգրուած միջազգային չափանիշերուն համաձայն:
Յիշեցնենք, որ «Սուրիական Օդանաւային Գիծեր»-ը այսօր առաւօտեան աւելի կանուխ յայտարարած էր նախատեսուած շարք մը թռիչքներու ուղեգիծերու