Սուրիոյ կրթութեան եւ ներքին գործոց նախարարութիւններու միջեւ գոյացած համակարգումով, ներքին ապահովութեան ուժերու եւ ոստիկանութեան ստորաբաժանումները այսօր՝ Շաբաթ, 6 Յունիսին, ապահովեցին երկրորդականի աւարտական կարգի (պաքալորիայի) պետական քննութեան հարցարաններու փոխադրութիւնը՝ Սուրիոյ տարբեր նահանգներու մէջ յատկացուած կեդրոններ։

Որդեգրուած այս քայլը կ՚առնուի երաշխաւորելու հարցարաններու գաղտնիութիւնն ու անվտանգ հասնիլը, ինչպէս նաեւ ապահովելու քննութեան անխափան ընթացքը։

Քննութիւններուն կը մասնակցին նաեւ Սուրիոյ հայկական վարժարաններու աշակերտները։