Միացեալ Նահանգներ կը զօրակցի «Հայաստանի գերիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւ անկախութեան, ներառեալ` իր արտաքին քաղաքականութիւնը եւ յարաբերութիւնները որոշելու Հայաստանի իրաւունքին»: Այս մասին «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին տուած բացառիկ մեկնաբանութեան մէջ յայտնած է Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարութեան բանբերը:
Պատասխանելով 7 Յունիսի ընտրութիւններուն մէջ արտաքին միջամտութեան մասին հաղորդումներուն եւ ամերիկացի օրէնսդիրներու նախազգուշացումներուն առնչուող «Ազատութեան» հարցումներուն` Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը շեշտած է, որ Հայաստանի քաղաքական ապագան պէտք է միայն Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիները որոշեն:
«Մենք տեղեակ ենք Հայաստանի քաղաքական գործընթացներուն արտաքին միջամտութեան վերաբերեալ լրատուամիջոցներու հաղորդումներուն: Հայաստանի ժողովուրդը իրաւունք ունի ընտրելու իր ղեկավարութիւնը եւ իր ապագան կառուցելու», ըսած է բանբերը:
Նախարարութիւնը նաեւ ընդգծած է կարեւորութիւնը Երեւանի եւ Ուաշինկթընի միջեւ խորացող յարաբերութիւններուն եւ ԹՐԻՓՓ նախագիծին, որուն շրջագծային համաձայնագիրը ստորագրուեցաւ 4 Յունիսին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարին, եւ օրեր առաջ ալ` Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարին կողմէ:
«Ինչպէս ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարարի Երեւան վերջին այցելութիւնը ցոյց կու տայ, ԹՐԻՓՓ-ը առանցքային եւ երկարաժամկէտ նշանակութիւն ունի Հայաստանի եւ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութիւն եւ բարգաւաճում բերելու համար», «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին ըսած է Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարութեան բանբերը: