«Եփրատի ջրամբար» պետական հաստատութեան արհեստագիտական անձնակազմը ամբողջութեամբ փակեց ջրամբարի ջրթափ դռներէն թիւ (6) դուռը՝ թրքական կողմէն հասնող ջուրի ներհոսքի շարունակական նուազեցման զուգահեռ, ինչ որ պատճառ դարձաւ ջուրի հոսքի նահանջին՝ վայրկեանը 200 խորանարդ մեթրով։
Ուժանիւթի Նախարարութիւնը Երկուշաբթի օր, «Թելեկրամ»-ի իր պաշտօնական ալիքով պարզաբանեց, որ Եփրատի ջրամբարէն բաց ձգուած ջուրի հոսքը նուազած է մինչեւ շուրջ 900 խորանարդ մեթր/վայրկեան, աւելցնելով, որ ջրամբարի դռներէն միայն մէկ ջրթափ դուռ բաց մնացած է։
Նախարարութիւնը դիտել տուաւ, որ արհեստագիտական եւ ճարտարագիտական անձնակազմերը շուրջօրեայ դրութեամբ կը հետեւին ջրային իրավիճակին՝ հաստատելով իրենց պատրաստակամութիւնը երաշխաւորելու ջրային կառոյցներու ապահովութիւնը եւ ջուրի կայունութիւնը Եփրատ գետի ամբողջ հունի երկայնքին։