Սուրիոյ Քաղաքացիական Թռիչքներու եւ Օդային Փոխադրութեան Ընդհանուր Տնօրէնութեան նախագահ Օմար ալ-Հուսարի յայտարարեց, որ սուրիական օդային տարածքը 2026 Մայիս ամսուան ընթացքին արձանագրած է 11 801 օդանաւերու թռիչք, համեմատաբար 2025-ի Մայիսին արձանագրուած 2 468 թռիչքներուն։ Այսպիսով, աճի համեմատութիւնը գերազանցած է 378 առ հարիւրը։

Այս գծով, Հուսարի Երկուշաբթի օր «X» հարթակի իր էջին վրայ կատարած գրառումով մը պարզաբանեց, որ այս թիւերը կ՛արտացոլեն սուրիական օդային տարածքին հանդէպ վստահութեան վերականգնումը։ Ան աւելցուց, որ այս մէկը արդիւնք է օդային փոխադրութեան ծառայութիւններու զարգացման, ինչպէս նաեւ միջազգային լաւագոյն չափանիշերուն համապատասխանեցման։

Ան նաեւ նշեց, որ ներկայիս աշխատանք կը տարուի այս աճը վերածելու մնայուն եւ կայուն ընթացքի։ Նպատակն է յառաջիկայ ամիսներուն արձանագրել աւելի մեծ թիւեր եւ կրկնապատկել օդային երթեւեկութիւնը՝ ծառայութիւններու շարունակական զարգացման եւ սուրիական երկինքին հանդէպ օդանաւային ընկերութիւններու վստահութեան ամրապնդման ընդմէջէն։

Յիշեցնենք, որ սուրիական օդային տարածքը կը նկատուի Միջին Արեւելքի կարեւորագոյն օդային ուղիներէն մէկը՝ նկատի ունենալով Սուրիոյ աշխարհագրական դիրքը, որ կը կապէ Ասիան, Եւրոպան եւ Արաբական Ծոցի երկիրները։ Օդանաւերու տարանցիկ երթեւեկը սուրիական երկինքով կարեւոր ցուցանիշ է քաղաքացիական թռիչքներու մարզի աշխուժացման եւ օդային փոխադրութեան ծառայութիւններուն հանդէպ գոյութիւն ունեցող վստահութեան։ Թռիչքներու թիւի այս աճը նաեւ կը նպաստէ տարածաշրջանին մէջ երկրի դիրքի ամրապնդման եւ կ՛ապահովէ նիւթական կարեւոր եկամուտներ՝ օդային թռիչքներու եւ տարանցման ծառայութիւններու ընդմէջէն։