Երեքշաբթի, 2 Յունիս 2026-ին, Դամասկոսի Համագումարներու Պալատին մէջ իր աշխատանքները շարունակեց Սուրիական Մասնաւոր Հատուածի Երկխօսութեան Առաջին Ազգային Համագումարը, որ կազմակերպուած է Սուրիոյ Տնտեսութեան եւ Ճարտարարուեստի Նախարարութեան կողմէ՝ ՄԱԿ-ի Զարգացման Ծրագրին (UNDP) եւ Ճափոնի կառավարութեան համագործակցութեամբ։ Համագումարին իրենց լայն մասնակցութիւնը կը բերեն կառավարութեան եւ մասնաւոր հատուածի ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ միջազգային զարգացման գործընկերներ։
Համագումարի ընթացքին արտասանած իր խօսքին մէջ, ելեւմտից նախարար Մուհամմետ Եուսր Պարնիէ հաստատեց, որ սոյն համագումարի գումարումը կ՛արտացոլացնէ այն խոր համոզումը, թէ սուրիական տնտեսութեան ապագան կարելի չէ կերտել առանց մասնաւոր եւ պետական հատուածներու միջեւ լիակատար գործընկերութեան։
Նախարարը պարզաբանեց, որ սուրիական տնտեսութիւնը անցնող տարիներուն դիմագրաւած է բացառիկ մարտահրաւէրներ, որոնք մեծ ազդեցութիւն ձգած են տնտեսական, արտադրողական եւ սպասարկութեան տարբեր մարզերուն վրայ։ Այդուհանդերձ, ան շեշտեց, որ այս դժուարութիւնները ի յայտ բերին սուրիացիներուն դիմադրելու եւ գոյատեւելու կամքը, ինչպէս նաեւ փաստեցին մասնաւոր հատուածի կենսական դերը՝ արտադրութեան եւ ծառայութիւններու շարունակականութեան պահպանման մէջ։