Արտակարգ իրավիճակներու եւ աղէտներու կառավարման նախարարութեան ջոկատները կը շարունակեն հողաթումբերու բարձրացման աշխատանքները Եփրատ գետի ափերուն՝ Տէր Զօրի արեւելեան արուարձանի Քաշմա շրջանին մէջ:
Քաղաքացիական պաշտպանութեան մարմինը երէկ՝յԿիրակի, իր թելեկրամեան ալիքով պարզաբանեց, որ այս աշխատանքները մաս կը կազմեն արտակարգ իրավիճակներու հակազդեցման ճիգերուն, որոնց նպատակն է պաշտպանել բնակիչներն ու ինչքերը, ինչպէս նաեւ մեղմացնել շրջանէն ներս Եփրատ գետի ջուրերու մակարդակի բարձրացման հետեւանքները:
Արտակարգ իրավիճակներու ջոկատները, քաղաքացիական պաշտպանութիւնն ու տեղական մարմինները յայտարարած էին պատրաստուածութեան մակարդակի բարձրացման եւ կանխարգելիչ միջոցներու որդեգրման մասին՝ Տէր Զօրի եւ Ռաքքայի նահանգներէն ներս։ Այս քայլերը ներառած են հողաթումբերու ամրապնդումը, վտանգուած գօտիներու հսկողութիւնն ու անհրաժեշտութեան պարագային տարհանման գործողութիւններու իրականացումը՝ պաշտպանելու ժողովուրդն ու անոր կալուածները եւ նուազագոյնի հասցնելու հաւանական կորուստները:
Ուժանիւթի Նախարարութիւնը հաստատեց, որ Եփրատ գետի ջուրերու մակարդակը կայունացած է 3 մեթրի վրայ՝ մօտաւորապէս 50 մեթր հորիզոնական ընդլայնումով, մինչեւ երէկ՝ Կիրակի կէսօր: Նախարարութիւնը նաեւ յայտնեց, որ այս ժամերուն յաւելեալ բարձրացումներ չեն արձանագրուած, եւ ըստ կանխատեսումներուն՝ այս գիշերուընէ սկսեալ հեղեղումները պիտի սկսին աստիճանաբար նահանջել: