Սուրիոյ նախագահ Ահմետ աշ-Շարաա Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին, քննարկեց երկու երկիրներու միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող տարածաշրջանային եւ միջազգային իրադարձութիւններն ու զարգացումները:
Կիրակի օր, նախագահը Թրամփի հետ իր զրոյցին ընթացքին շեշտեց Սուրիոյ վերակառուցման եւ վերականգնման փուլին միջազգային աջակցութեան շարունակականութեան կարեւորութիւնը։ Ան մատնանշեց, որ մնացեալ պատժամիջոցներու վերացումը հիմնական քայլ կը հանդիսանայ սուրիական տնտեսութեան աշխուժացման, ինչպէս նաեւ քաղաքացիներու կենսամակարդակի բարելաւման համար:
Նախագահը հաստատեց, որ պատժամիջոցներու դադրեցումը պիտի քաջալերէ ներդրումները եւ համապատասխան մթնոլորտ պիտի ստեղծէ տնտեսական ու զարգացման ծրագրերու վերադարձին համար՝ կենսական բոլոր մարզերէն ներս, ինչ որ իր կարգին պիտի նպաստէ կայունութեան եւ զարգացման ճիգերու ամրապնդման:
Հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ շրջանի ապահովական իրավիճակին եւ տարածաշրջանային լարուածութենէն յառաջացած մարտահրաւէրներուն։ Նախագահ Շարաա շեշտեց տագնապներու լուծման համար դիւանագիտական քայլերու եւ երկխօսութեան նախապատուութիւն տալու կարեւորութիւնը, ինչ որ կը նպաստէ շրջանային ապահովութեան կայունութեան ամրապնդման եւ զերծ կը պահէ տարածաշրջանը յաւելեալ մագլցումներէ:
Իր կարգին, Նախագահ Թրամփ հետաքրքրութիւն յայտնեց Սուրիոյ եւ շրջանի զարգացումներուն հետեւելու գծով՝ ընդգծելով կայունութեան պահպանման, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ վերականգնման ու վերակառուցման ճիգերուն աջակցելու կարեւորութիւնը:
Հաղորդակցութեան աւարտին, երկու կողմերը համաձայնեցան շարունակել կապն ու համակարգումը փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող թղթածրարներու շուրջ՝ ի խնդիր երկու երկիրներու շահերուն եւ շրջանի կայունութեան առաւել ամրապնդման: