Ուրբաթ, 29 Մայիս 2026-ին, Սուրիոյ նախագահ Ահմետ աշ-Շարաա պատուրիակութեամբ Տէր Զօր նահանգը այցելեց։ Նախագահը հանդիպեցաւ նահանգի պատասխանատուներուն հետ։

Հանդիպումի ընթացքին խորհրդակցնութիւններ եղան Եփրատի ջրամբարի մակարդակի բնականէն աւելի բարձրացման հետեւանքներուն, ինչպէս նաեւ ծառայողական եւ կենցաղային հարցերու շուրջ։ Նախարարները ներկայացուցին աշխատանքային ծրագրեր, որոնք կը վերաբերին ենթակառոյցներու բարեփոխման, շտապ օգնութեան եւ ծառայողական հարցերու։

Նախագահին ընկերակցող պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Սուրիոյ Հանրապետութեան նախագահութեան ընդհանուր քարտուղարը, տեղական ինքնակառավարման եւ կենսոլորտի, ուժանիւթի, առողջապահութեան, հանրային աշխատանքներու եւ բնակարանային հարցերու, գիւղատնտեսութեան նախարարներն ու տնտեսութեան նախարարի օգնականը։

Նշենք, որ օրեր առաջ Եփրատ գետի ջուրի մակարդակի բարձրացման եւ յորդելուն հետեւանքով Տէր Զօրի մէջ հերկուած արտեր վնասուեցան, երկու մանուկ խեղդամահ եղաւ, ինչպէս նաեւ նիւթական այլ վնասներ արձանագրուեցան, հակառակ անոր որ ուժանիւթի Նախարարութիւնը նախապէս զգուշացուցած էր գետի յորդումին հետեւանքով նախատեսուող վտանգներուն մասին։