Չորեքշաբթի, 27 Մայիս 2026-ին, Սուրիոյ նախագահ Ահմետ աշ-Շարաա Ատհայի տօնին առիթով մասնակցեցաւ Հալէպի “Ապտալլա պըն Ապպաս” մզկիթէն ներս տեղի ունեցած աղօթքի արարողութեան, ներկայութեամբ պետական պատասխանատուներու եւ ժողովուրդի հոծ բազմութեան։
Յետ աղօթքի արարողութեան, նախագահը հանդիպում ունեցաւ Հալէպ նահանգի պատասխանատուներու հետ, որուն ընթացքին շնորհաւորանք փոխանակուեցաւ։