Կիրակի, 31 Մայիսին «Հայաստան» դաշինքի ներկայացուցիչներն ու համակիրները Արամ Մանուկեանի արձանի, Ս. Աննա եկեղեցւոյ եւ Մատենադարանին յարող տարածքներէն քայլերթ կատարեցին դէպի Ազատութեան հրապարակ, ուր տեղի ունեցաւ «Հայաստան» դաշինքի ժողովրդային եզրափակիչ հաւաքը:
Այս առիթով խօսքեր արտասանեցին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան, հասարակական գործիչ Արսինէ Մինասեան, «Առաջ» կուսակցութեան նախագահ Սեւակ խաչատրեան, «Հայաստան» դաշինքի անդամներ Արծուիկ Մինասեան, Քրիստինէ Վարդանեան, Աննա Գրիգորեան եւ դաշինքի առաջնորդ, Հայաստանի նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան:
«Ձեր պայքարը ոչ թէ մեզ իշխանութեան բերելու համար է, այլ ձեր պայքարով դուք ձեր հայրենիքի, ձեր պետականութեան եւ ձեր ինքնութեան կողքին էք: Ճիշդ մէկ շաբաթէն հայը կ՛որոշէ իր ճակատագիրը: Հայ մարդու եւ մեր պետականութեան ճակատագիրը ո՛չ Մոսկուայի մէջ, ո՛չ Ուաշինկթընի մէջ, ո՛չ Պրիւքսէլի մէջ, եւ ոչ ալ մէկ այլ մայրաքաղաքի մէջ կ՛որոշուի, կ՛որոշուի Հայաստանի մէջ: Մենք տէր ենք մեր ճակատագրին: 7 Յունիսը պարզապէս քուէարկութեան օր չէ, այլ իշխանափոխութեան օր է, Նիկոլ Փաշինեանին վռնտելու օր», յայտարարեց Իշխան Սաղաթէլեան:
Ապա ցուցադրուեցաւ կարճ տեսանիւթ «Հայաստան» դաշինքի եւ քաղաքական միաւորներու պայքարի ճամբուն մասին:
Դաշինքի անդամները իրենց խօսքերուն մէջ կարեւոր նկատեցին ընտրութիւններուն քաղաքացիներուն աշխուժ մասնակցութիւնը` նշելով, որ երկիրը կանգնած է կարեւոր ընտրութեան առջեւ, եւ ասիկա նախ եւ առաջ ինքնութեան պահպանման պայքար է:
Ռոպերթ Քոչարեան իր եզրափակիչ խօսքին մէջ յատկապէս ըսաւ. «Մեր հետագայ քայլերու բանաձեւը շատ պարզ է` չկայ Նիկոլը պաշտօնին` չկան խնդիրներ Հայաստանի մէջ: Չկայ Նիկոլը` չկայ ճգնաժամ, չկայ Նիկոլը` չկայ աղքատութիւն, չկայ Նիկոլը` չկայ պատերազմ, չկայ Նիկոլը` չկայ ազգային նուաստացում, չկայ Նիկոլը` չկայ 300 հազար ատրպէյճանցիներու վերադարձ: Բոլոր առկայ խնդիրները լուծելի են, ես գիտեմ` ինչպէս այդ ընել, եւ մենք այդ պիտի ընենք: Մենք արդիւնաւէտ կառավարման հարուստ փորձ ունինք: Յունիսի 7-ին ժողովուրդը պէտք է երթայ ընտրութեան եւ ընտրէ Հայաստանը, փորձը, պատասխանատուութիւնը»:
Հանրահաւաքի աւարտէն ետք կատարուեցաւ պայքարի եւ իրազեկման երթ` Երեւանի կեդրոն: