28 Մայիս 1918-ը հայոց պատմութեան ամենավճռորոշ եւ լուսաւոր էջերէն մէկն է։ Դարաւոր ստրկութենէն, ցեղասպանութեան արհաւիրքէն եւ համատարած խաւարէն ետք, հայ ժողովուրդը կրցաւ գերագոյն ճիգով ուժերը հաւաքել եւ Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի ու Ղարաքիլիսէի հերոսամարտերով կերտել Մայիսեան սրբազան յաղթանակը։
Այդ օրը, աշխարհի քարտէզին վրայ վերածնաւ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւնը՝ փաստելով հայ ազգի տոկունութիւնն ու ապրելու անկոտրում կամքը։ Այս պատմական առաքելութեան մէջ անկիւնադարձային դերակատարութիւն ունեցաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը։ Անձնուէր գործիչներու առաջնորդութեամբ, ՀՅԴ-ն էր, որ դրաւ հայկական ժամանակակից պետականութեան առաջին հիմերը՝ ոչինչէն ստեղծելով պետական կառոյցներ, բանակ եւ օրէնքի գերակայութիւն հաստատելով։
Օրուան ղեկավարները ապացուցեցին, որ նոյնիսկ ամենադժուար ու անյուսալի պայմաններուն մէջ, կազմակերպուածութեամբ ու միասնակամութեամբ կարելի է կերտել անկախութիւն։ Այս իմաստով, պետութիւնը լոկ տարածք կամ սահման չէ. ան ազգի մը գոյութեան, ապահովութեան եւ ինքնութեան պահպանման միակ հզօր վահանն է, որովհետեւ առանց պետականութեան՝ ազգերը դատապարտուած են ձուլման եւ հալածանքի։ 28 Մայիսի մեծագոյն խորհուրդը մեզի
կը սորվեցնէ, որ սեփական ճակատագիրը տնօրինելու բացարձակ կամքը այլընտրանք չունի, եւ միայն միասնական ուժի ու սեփական պետութեան միջոցով է, որ հայը տէր կը դառնայ իր երթին ու գալիքին։ Ի վերջոյ, ուժը կազմակերպուածութեան մէջ է. պետական բանակն ու կառոյցները ազգի հաւաքական ուժի բացարձակ մարմնաւորումն են, եւ պետականութիւնն է այն միակ հզօր պատուանդանը, ուր հայը ոչ թէ որպէս խնդրարկու, այլ որպէս իրաւատէր ու հաւասար կողմ կը ներկայանայ միջազգային ընտանիքին՝ ապահովելով իր ազդեցութիւնն ու արժանապատուութիւնը։ 28 Մայիսը գործնականապէս ապացուցեց, որ հայ ժողովուրդը ունակ է դուրս գալու պատմութեան ամենախոր խաւարէն եւ իր անկախ գոյութիւնը հաստատելու աշխարհի ժողովուրդներու կողքին։
Այսօր, երբ հայրենիքն ու հայութիւնը դարձեալ կը գտնուին բարդ եւ ճակատագրական ժամանակաշրջանի մը մէջ, Մայիսեան պատգամը աւելի քան արդիական է, քանի որ պատմութիւնը ցոյց տուած է, որ ճգնաժամային պահերուն հայութիւնը միշտ ալ գտած է իր ինքնութիւնը վերահաստատելու ուժը։ Այս իմաստով, յառաջիկայ ընտրութիւնները լոկ քաղաքական գործընթաց չեն, այլ հաւաքական քննութիւն։ Յանուն ինքնութեան եւ պետականութեան փրկութեան՝ աշխարհի տարածքին ապրող իւրաքանչիւր հայ իր կեցուածքով, քուէով եւ ազգային գիտակցութեամբ դարձեալ պիտի փաստէ աշխարհին իր կամքը։
Մենք պարտաւոր ենք տէր կանգնիլ Մայիսեան յաղթանակներու ժառանգութեան, վերականգնել մեր պետական հիմերը եւ ապացուցել, որ խաւարը միշտ ալ նահանջող է, երբ կայ պետականութիւնը պահպանելու անդրդուելի կամք։
Յովիկ Քլզի