Երբ միտք ծնաւ յուշեր գրել, կը խորհէի, որ քիչ բան կը յիշեմ ու
կը տատամսէի։ Հիմա տպաւորութիւններս զիրար կը հրմշտեն ու կը շուարիմ, թէ որո՛ւ տամ առաջնութիւն, ի՛նչ կարգով շարադրեմ։ Ու ահա մտովին
կը քալեմ այդ արաբական քա ղաքին մէջ՝ թարմացնելու համար յիշողութիւնս։ Ինծի լաւ ծանօթ թաղամասերէն՝ Նոր Գիւղ, Սուլէյմանիէ, Ազիզիէ, Նայեալ ու աւելի ուշ կառուցուած Վիլլաներ կը քալեմ ու կը մոռնամ, թէ արաբական երկիրի մը մէջ եմ։ Ամէնուր հայերէն ցուցանակներով խանութներ, ամէն քայլի հայերէն խօսք ու հայկական կնիք։ Ու անոնց կապուած յիշողութիւններ կ’արթննան կրկին։
Աւելի ուշ պետութիւնը պարտադրեց, որ բոլոր ցուցանակները արաբերէնով ըլլան (իրաւացի պահանջք), սակայն հայկական անունները արաբերէնով ալ մնացին հայկական։ Յիսուն հազար հայութիւնը
կը շարունակէր թարմացնել հայոց դարաւոր հետքը, առաւել երեւելի ներկայութիւն ըլլալ, տնտեսական, գիտական-մշակութային, ընկերային, արհեստից ասպարէզներու մէջ ազդեցիկ դեր խաղալ ու նաեւ իր բարոյական կերպարով տեղացի ժողովուրդի յարգանքին արժանանալ՝ իրաւացիօրէն։ Կարծես թէ ի վերուստ որոշուած ճակատագիրն է հայու՝ իր տաք հոգիէն ջերմութիւն տալ աշխարհին ու իր տաղանդին  հետքը ձգել ամէնուր։ Այս հնամեայ քաղաքը հաւանաբար ամէնէն աւելի ունի հայկական հետքեր, որոնց ետեւէն ալ կը փորձեմ քալել։
Կը կարծեմ բոլորին սրտամօտ պիտի ըլլայ, եթէ Հալէպի հրաշալիքներուն մասին խօսիմ։ Իսկ ինչո՞վ հրաշալիքներ չեն անոնք՝ սկսեալ վեհանիստ բերդէն, մինչեւ վերերկրեայ նրբանցքներու ու ստորգետնեայ ուղիներու լաբիւրինթոսները (անել, բաւիղ, անելք տեղ)՝ դարերու խորհրդաւոր շերտերը կրող ու բազում ազգերու անցքը տեսած վկաներ։ Բայց մինչեւ հրաշալիքներուն անցնիլը, մեր պարտքը տանք ու յիշենք կարգ մը վայրեր կամ հաստատութիւններ, կապուած Հալէպի մէջ հայերու ներկայութեան։ Անոնք Հալէպի մէջ այնչափ շատ են, որ կը շուարիմ որմէ սկսիլ, մանաւանդ որ նաեւ կը քաշուիմ թերի տեղեկութենէս։
Հայոց Հոգետունը։ Երբ Թիլէլ առեւտրական փողոցէն իջնես վար, եթէ ուշադիր ես՝ ձախիդ կամարակապ նեղ անցք մը կը տեսնես։ Քարէ մաշած աստիճաններու թեթեւ վայրէջքով՝ ան զքեզ կը հանէ փոքրիկ հրապարակ մը։ Հայոց Հոգետունն է ան՝ հայերու հետքերը կրող վայրերէն մին։ Պատմութիւնը կ’ըսէ, թէ զայն 1600-ականներուն կառուցած են հայ վաճառականներ ու պատկանած է Երուսաղէմի պատրիարքութեան (բնականօրէն՝ ուխտի երթալն ու առեւտուրը զիրար չէին խանգարեր)։ Աստիճաններու եզրերու ու հրապարակի շէնքերը կառուցուած էին որպէս վաճառականներու, հոգեւորականներու եւ ուխտաւորներու իջեւանատուներ։ Ներկայիս հոն իշխողը ծածկած ու բաց առեւտուրն է, արաբ տղաք լաթեր կը ծախեն ու իրենց կանչերով դարերու ձայնը կը խլացնեն…։ Բազմաթիւ հայերէն արձանագրութիւններէն քիչ հետքեր մնացած են։ Հալէպահայերու տպարաններ կային հոն, որոնցմէ վերջինը՝«Ոսկետառ», դեռ կը գործէ։ Հոն մեզի համար միայն ընկալելի հեռաւոր ու մօտ ձայներու արձագանգներ կան, որ Հոգետունը հարազատ, քաշող կը դարձնեն։ Անոր պատերուն մէջ, հայոց եկեղեցւոյ զանգահարութեան հետ՝ ներծծուած են ղօղանջները հայոց բարբառի։ Հոն կը թեւածեն տակաւին հոգեվարքի մրմունջները ջարդէն մազապուրծ հայ տարագիրներու՝ այն թշուառ զանգուածի, որ այդ հողին մէջ արմատ ու ծիլ պիտի տար, վերընձիւղէր, ամրանար ու դառնար երկիրը կառուցող ու զարգացնող հիմնական տարրը։ Ու «Հոգետուն»-ը վերածուեցաւ Ոգետունի։ Ահա թէ ինչո՛ւ դուն հոն, այդ քաղաքի երկնակամարին տակ, ինքզինքդ օտար չես զգար…։
Հալէպի բերդը… Հարթավայրին մէջ կառուցուած բլուրին գագաթը բազմեր ու իր բարձունքէն կը հսկէ քաղաքը։ Շուրջը  պաշարող ջուրով լեցուն խրամի շնորհիւ հաւանաբար անմատչելի եղած է։ Ներկայիս հոն ջուր լեցնելու հարկը չեն զգար, քանի որ այլեւս բերդերը քաջութեամբ
չեն առնուիր… (մինչդեռ ջուրը գեղեցիկ պիտի ըլլար, մանաւանդ գիշերային լոյսերուն տակ)։ Մուտքին աստիճաններէն մինչեւ վեր այցելուն դիտելու եւ զարմանալու շատ բան ունի, իսկ բլուրին գագաթէն կը բացուի քաղաքին համայնապատկերը։ Շատ տպաւորիչ է, երբ գիշերով ամֆիթատրոնին մէջ համերգի կամ պալէի կը հետեւիս։ Բայց զգոյշ քալէ՛, ճամբայէդ չշեղի՛ս, քանի որ կրնաս զքեզ գտնել յանցագործներու խորունկ բանտափոսը, ուրկէ ելլել չկայ։ Աւելի քան չորս հազարամեակներու հետքերը ունի բերդը։ Ինքզինք անմահ ու անյաղթ կարծող իւրաքանչիւր նուաճող շինութեան կամ աւերակի ձեւով իր հետքն է ձգեր հոն ու հեռացեր պատմութեան բեմէն։ Բնականաբար, չէր կրնար հոն իր նիւթական կամ վերացական հետքը ձգած չըլլալ նաեւ հայը։ Թէ՛ պատմական տուեալներ, թէ՛ ժողովրդական աւանդութիւններ (երեւակայութիւննե՜ր) կը վկայեն այդ մասին ու հայերուս հարազատ կը դարձնեն զայն։ Աւանդութիւններէն մէկը կը կապուի, անտարակոյս, Տիգրան Մեծի, ըստ որուն՝ բերդի չորս մուտքերէն մէկուն զարդաքանդակները Տիգրանին օրօք շինուած են։ Հալէպի հայերն ալ գրեթէ ականատեսի վկայութեամբ կ’ըսէին, թէ ներկայ բերդի գահասենեակին մէջ կը նստէր Տիգրանը։ Այո, փառք Աստուծոյ, որ օտարներ կը վկայեն, թէ Տիգրանը գրաւած էր ամբողջ Սուրիան ու Փիւնիկիան (Լիբանան) ու, հաւանաբար, այցելած էր նաեւ այն օրերու բերդը։ Սակայն այնուհետեւ ալ բազում տիրակալներ նորոգութիւններ կատարած ու վերափոխած են զայն, ու զուտ արաբական ոճով զարդանախշուած սրահին մէջ Տիգրանին գահը  փնտռելը վառ երեւակայութիւն կ’ուզէ։ Այդ մէկը զմեզ չի պակսիր.  Տիգրանը մշտարթուն է մեր ոգիին մէջ, արդէն գրեթէ երկու հազարամեակ կը ներշնչէ զմեզ, ու այսօր ալ «ծովէ ծով» Հայաստան  կ’երազենք.  բայց որո՞ւ կը խանգարենք…։
Սասունցիները անյիշելի ժամանակներէն Հալէպին մէջ ներկայութիւն եղած են ու իրենց կարգին ստեղծած են աւելի գեղեցիկ աւանդութիւն մը։  Կ’ըսուի, թէ Սասունցի Դաւիթ Հալէպ հզօր բերդ մը շինած, եւ իր անունով ան կոչուած է «Դաւիթի  բերդ»։ Անոնք ալ երազելու իրաւունք ունէին, քանի որ պատմութիւնն ու առասպելը զիրար խառնուած են…։
Ժամանակը կը խաղայ պատմութեան հետ, իրականը հեքիաթ ու հեքիաթը իրականութիւն կը դարձնէ, բայց այս բոլորին մէջ, իմ կարծիքով, կայ նաեւ մեր ազգային հոգեբանութեան մէկ դրսեւորումը։ Այս ապերախտ աշխարհին շատ բան տուած ու փոխարէնը ոչինչ ստացած ազգի ինքնահաստատումի մէկ ձեւն է աս ալ, երբ ամէն տեղ ու ամէն յաջողած անձի մէջ հայն ու հայկականը կը փնտռենք… ու յաճախ ալ… կը գտնենք։
«Ներսի շուկայ»։ Իջնենք բերդէն, բայց չթեքուինք դէպի նշանաւոր արեւելեան բաղնիք։ Հոն մուտք ունենալու ծիսակարգ կայ, որ նախապէս պէտք  է իմանալ։ Մտնենք Ներսի շուկայ՝ «Մետինա»։ Թէեւ ինծի հաճելի է հոս գալ այլ ճանապարհով՝ պղնձագործներու թաղամասէն։ Առաջին անգամ այդ կողմէն մտայ ու ինքզինքս միջնադարու մէջ զգացի։ Արհեստաւորներ տարբեր չափերու մուրճերու մանր հարուածներով  ձեւ կու տային կարմիր պղինձէ սալերուն, մինչ տարբեր հարուածներու ախորժալուր ձայները իւրօրինակ երաժշտութիւն կը ստեղծէին։ Արհեստանոցներու առջեւ ու ներսը շարուած էին պղինձէ այլազան իրեր՝ կաթսաներ, սափորներ, պզտիկ ու  խոշոր սկուտեղներ, որոնք նաեւ սեղանի դեր կատարած են։ Երբ արեւմտեան քաղաքակրթութիւնը տակաւին իր բարքերը հոս չէր ներմուծած՝ արաբները մեծ գերդաստաններով կ’ապրէին ու տանտիկիններուն անհրաժեշտ էին մեծ ամաններ, որոնք ընդհանրապէս կաւէ կամ պղինձէ կ’ըլլային։ Արեւելեան փիլաւը կ’եփուէր պղինձէ խոշոր կաթսայի մէջ եւ նուշով, պիստակով, գինձով զարդարուած, միսի կտորներով ծածկուած՝ կը մատուցուէր սկուտեղով։ Գերդաստանի այրերը գորգերուն ու կարպետներուն ծալապատիկ՝ կը շրջապատէին պղինձէ խոշոր սկուտեղ- սեղանը ու աջ ձեռքով ուղղակի հոնկէ կ’ուտէին իւղը ծորացող կերակուրը։
Հալէպ միջնադարու շունչը ամէնէն լաւ կը զգաս Ներսի շուկային մէջ։ Տասնչորրորդ դարու այս  կառոյցը հնավայր եւ այժմէական շուկայ է նոյն ատեն։ Ըստ տեղեկութիւններու՝ տասներեք քմ. երկայնք ունի եւ որպէս արեւելեան ծածկած շուկայ՝ ամէնէն հինն ու մեծն է աշխարհի մէջ։ Քարտէզի կարիք ունիս՝ հոն առանց մոլորուելու բոլոր բաժինները շրջելու, բան մը, որ հաւանաբար անկարելի է առանց գիտցող ուղեկցողի։ Նեղ  ու երկար անցքերը կը խաչաձեւուին, կը բաժնուին ու կը տանին չես գիտեր թէ ո՛ւր։ Անոնք յաճախ խճողուած են մարդերով, սայլակներով կամ ուսին ապրանք տանողներով, ու եթէ անակնկալ հարուածներ զգաս՝ մի կարեւորեր։ Երբեմն ալ դէմդ կրնայ ելլել միջնադարու ամէնէն խելացի ու համբերատար բեռնակիրը՝ սիրուն աչքերով աւանակը.  ու, բնականօրէն, դո՛ւն է որ ճամբայ պիտի զիջիս։
Հինէն ի վեր այս շուկան «մասնագիտացուած» բաժանում- թաղեր ունի, ուր նեղ անցքերուն երկու եզրերուն շարուած են նոյնպէս նեղ խանութները, երբեմն մէկ անձ, այսինքն՝ վաճառողը հազիւ բաւելու չափ տարածքով։ Բայց առեւտուրը կ’եռայ… Մետաքսեղէնի կամ կերպասեղէնի բաժնի վաճառողները նշանաւոր էին Գիքորի պէս «Է՛ստի համեցէ՜ք» պոռալով ու երբեմն ալ համբերութիւնդ սպառելու չափ հրաւիրելով։  Գիտէք, որ Հալէպի նշանաւոր «ղառ» օճառի այլ շուկաներ եւս կան քաղաքին մէջ, բայց հոս, փակ տարածքին մէջ, այդ բաժանումին բուրմունքը հեռուէն կը հրաւիրէր զքեզ։ Իսկ համեմունքին բաժանումը… պարկերու, այլազան տարաներու մէջ բազմատեսակ ու բազմաբոյր համեմներու եւ դեղաբոյսերու այլազանութիւնը ե՛ւ կը գրաւէ, ե՛ւ կը շփոթեցնէ՝ ինչ գնել։ Ոսկերիչներու «թաղը» կը փայլփլի ու կը հրաւիրէ, գորգերու բաժանումները արեւելքի գոյներու հանդէս կը բանան…։ Բայց ո՞ր մէկը թուեմ, երբ լիովին տեղեակ չեմ  ու հիմա արդէն հեռուէն
կը վերյիշեմ զայն։ Որպէս արեւելեան շուկայ՝ բնականօրէն կից ունեցած է նաեւ կարաւանները ընդունելու վայրեր՝ ուղտերու եւ անոնց տէրերու հանգչելու իջեւան-քարվանսարաներ։
Վերջին անգամ պատերազմի անմիջապէս աւարտին հոն գացի ու երանի թէ չերթայի, քանի որ մտքիս մէջ աւերակներու կոյտեր մնացին…։ Կարդացի, թէ Իւնեսքոյի օգնութեամբ վերանորոգելու ծրագիր կայ.  Ինշալլա՛հ…
Լալա Միսկարեան-Մինասեան