Կեանքի մէջ կը ծագին պահեր, որոնք յանկարծակի կը ծնին` անակնկալ ու յանպատրաստից: Անոնք առաջին հայեացքով սովորական կը թուին, սակայն տարիներ ետք կը հասկնանք, թէ ճակատագիրի աննկատ դրոշմներ ձգած են մեր ներաշխարհին վրայ:
Հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ ունեցած ենք դէմքեր, որոնք ոսկեայ տառերով գրուած են: Բայց կան նաեւ դէմքեր, որոնք ո՛չ յուշաքարերու վրայ արձանագրուած են, ո՛չ ալ` պատմագիրներու էջերուն մէջ տեղ գտած: Անյայտ հերոսներ` լուռ, համեստ, սակայն անոնց գործը նոյնքան մեծ ու վճռորոշ է, որքան` ճանչցուած ու երգուած հերոսներունը:
Տարիներ առաջ, տակաւին պատանի, քոյրս դաշնամուրի դասընթացքներու կը հետեւէր. անոր երազն էր դաշնամուր մը ունենալ: Փափաքը իրականացաւ: Տան մէջ տօնական մթնոլորտ կը տիրէր: Դաշնամուրը զետեղուեցաւ հիւրասենեակին մէջ` իբրեւ նոր հիւր, նոր գեղեցկութիւն, նոր շունչ:
Հայրս ծանօթ երաժիշտ քեմանչիստ Ռուբէնէն խնդրեց ստուգել դաշնամուրին ստեղնաշարը, ձայնալարերը: Ան եկաւ: Անոր կ’ընկերակցէր ճերմակ մազերով, լուռ ու համեստ անձ մը, որուն դէմքը առաջին հայեացքէն սովորական կը թուէր: Հաւանաբար օգնական մը` կ’ըսէի մտքէս:
Ես սակայն բոլորովին ուրիշ աշխարհ մը ունէի: Կարմիր գնդակովս հիւրասենեակը ֆութպոլի դաշտի վերածած էի: Գնդակը հարուածելով մերթ աջ, մերթ ձախ` կը վազվզէի: Մինչ երկու տարեցներ, խորասուզուած դաշնամուրին ձայնալարերուն մէջ, ես պատանեկան եռանդով կը խանգարէի անոնց նուրբ աշխատանքը: Անոնք լռութիւն կը փնտռէին, ես` աղմուկ…
Մայրս կը սաստէր, բայց` ի զուր: Մեր հիւրերը հաւանաբար երբեք չէին հանդիպած նման անհանդարտ պատանիի մը…
Բաւական ժամանակ անցած էր, երբ սպիտակահեր մարդը մօտեցաւ ինծի եւ ժպտեցաւ: Աչքերուն մէջ տարօրինակ խաղաղութիւն մը կար:
Հարցուց, թէ ո՛ր դպրոցը կը յաճախէի, ո՛ր դասարանն էի: Ապա անսպասելի հարցում մը ուղղեց.
և Հայոց պատմութիւն կը սիրե՞ս:
Առանց մտածելու` «Այո, շա՛տ», պատասխանեցի։
Հարցումը մինչեւ այսօր տակաւին կը հնչէ ականջներուս մէջ:
Այդ «այո՛»-էն սկսաւ պատմութիւն մը, որ ամբողջ կեանքիս պիտի ընկերանար:
Սպիտակահեր մարդուն անունը Լեւոն էր:
Լեւոնը սկսաւ Սարդարապատի հերոսամարտի մասին պատմել` ո՛չ իբրեւ պատմաբան, ո՛չ իբրեւ դասագիրքի հեղինակ, այլ` իբրեւ մարդ մը, որ հարազատ աչքերով տեսած էր իրարու դէմ պայքարող մահն ու կեանքը:
Պատմեց` ոչ դասագիրքի Սարդարապատը, ո՛չ հանդիսաւոր ճառերու Սարդարապատը,այլ` մահուան, կրակի, ծարաւի, զոհողութեան ու ապրելու կամքի Սարդարապատը:
Լեւոնը պատմեց: Հազիւ տարիքս ունեցած էր` կրակոցներու մէջէն, արկերու հարուածին տակ, մահուան ստուերին հետ քալելով ` ջուր կրած էր ռազմաճակատ: Պատմեց կրակոցներուն, թրքական բանակին վայրագութիւններուն, ռմբակոծումներուն սարսափը: Բայց ամէնէն աւելի` պատմեց հայ մարդուն կամքին մասին:
Ես քարացած կը լսէի զինք:
Հարցուցի` «Ինչպէ՞ս ջուրը կը հասցնէիք ճակատ»:
Լեւոնը մեղմ ժպիտով մը պատասխանեց.
և Ամէն մէկը տեղ մը կեցած` կը սպասէր: Դոյլը մէկ ձեռքէ միւսին
կը փոխանցուէր, մինչեւ հասնէր ճակատ` գիշեր ու ցերեկ, առանց դադարի,առանց բողոքի…
Պարզ նախադասութիւններ…
Ես լուռ կը լսէի: Կարմիր գնդակս անկիւն մը գլորած մնաց: Պատանեկան անկարգութիւնները կարծէք պահ մը կանգ առած ըլլային:
Լեւոն չէր խօսեր իբրեւ հերոս: Անոր ձայնին մէջ հպարտութեան աղաղակ չկար: Ան կը խօսէր պարզապէս, կարծէք սովորական օր մը
կը նկարագրէր: Բայց ես կը զգայի, թէ այդ խաղաղ ձայնին ետին ամբողջ ժողովուրդի մը գոյամարտը կը պատմէր:
Այդ օր առաջին անգամ հասկցայ, որ հայրենիքը միայն զէնքով
չի փրկուիր:
Երբեմն դոյլ մը ջուր փոխանցող ձեռքերը նոյնքան սուրբ են, որքան` ռազմաճակատին վրայ կռուող զինուորին ձեռքերը:
Սարդարապատը միայն հրացան բռնողներու յաղթանակը չէր: Ան նաեւ ջուր փոխադրող պատանիներու յաղթանակն էր: Աղօթող մայրերու, հաց թխող կիներու, վիրաւորներ խնամող աղջնակներու յաղթանակն էր, հայ ժողովուրդին յաղթանակն էր:
Լեւոն յաջողեցաւ զսպել իմ պատանեկան պոռթկումները: Անխօս ու լուռ` զինք մտիկ կ’ընէի: Սակայն հոգիիս մէջ իջած այդ անդորրը սովորական հանդարտութիւն մը չէր. ան ներքին զարթնում մըն էր, հոգիիս խորերէն ծնած արթնութիւն մը, որ դանդաղօրէն կը փոխէր մտածումս ու ներաշխարհս:
Լեւոն լռած էր` իր պատմութիւնը աւարտելով: Բայց հիմա կարգը ինծի հասած էր: Պատանեկան հետաքրքրութեամբ զինք կը պաշարէի Սարդարապատի հերոսամարտին վերաբերող հարցումներով, կարծես
կը փորձէի անոր յիշողութեան մէջէն վերագտնել ժողովուրդիս ապրելու կամքին գաղտնիքը:
Դաշնամուրին վրայ կատարելիք աշխատանքը աւարտեցաւ: Քեմանչիստ Ռուբէնը եւ Լեւոնը լուռ ու հանդարտ մեկնեցան` իրենց ետին ձգելով լարերուն մէջ տակաւին թրթռացող մեղեդիի անտես արձագանգը:
Այլեւս երբեք չտեսայ Լեւոնը:
Չեմ գիտեր` ի՛նչ եղաւ անոր:
Չեմ գիտեր` ո՛ւր հանգչեցաւ:
Չեմ գիտեր` արդեօք մէկը յիշե՞ց անոր անունը:
Մէկ բան գիտեմ:
Լեւոնը կ’ապրի մէջս: Կ’ապրի իր ձայնով: Իր պատմած Սարդարապատով:
Իր դառն ժպիտով: Ցաւ մը թաքցնող պարզութեամբ:
Տարիներ անցան:
Հայաստան ուսանելու մեկնեցայ:
Օր մը ընկերներով որոշեցինք այցելել Սարդարապատի յուշահամալիրը: Օթոպիւսը կը սուրար` ճեղքելով Հոկտեմբերեանի արտերը: Հոկտեմբերեանի դաշտերը ողողած էին առատ բերքով: Ամէնուրեք տարածուած էր աշնան ոսկեգոյն շունչը: Լայնատարած ու խաղաղ դաշտերը ներաշխարհիս մէջ մեղմ ու անբացատրելի զգացում մը կ’արթնցնէին:
Աչքերուս դիմաց պատկերներ կը ծաւալէին. դոյլ փոխանցող մանչեր, իրենց մանկութիւնը պարտականութեան ու զոհողութեան բեռին տակ կորսնցուցած աղջնակներ, վիրաւորներ եւ կամաւորներ` կարծէք ամբողջ ժողովուրդի մը ճակատագիրը մէկ պահու մէջ համախմբուած ըլլար տեսողութեանս առջեւ:
Անոնց մէջ կը փնտռէի Լեւոնը: Կը թուէր, թէ տակաւին այնտեղ էր: Թերեւս այդ արտերուն մէջ դոյլ մը կը փոխանցէր ձեռքէ ձեռք…
Հասկցայ, որ հայրենիքը կերտուած է անթիւ լեւոններու ուսերուն վրայ` այն մարդոց, որոնց անունները երբեք չեն արձանագրուիր պատմութեան գիրքերուն մէջ, բայց որոնց շնորհիւ պատմութիւնը կը շարունակէ իր ընթացքը` անոնց լուռ, սակայն անփոխարինելի ներկայութեամբ:
Սարդարապատը միայն ճակատամարտ մը չէր: Ան հայ ժողովուրդի ապրելու կամքին ամենահզօր ճիչն էր:
Երբ թշնամին կը կարծէր, թէ հայը պիտի կորսուէր, նոր կամք մը ծնաւ ապրելու, գոյատեւելու եւ հայրենիքը պաշտպանելու:
Այսօր, երբ կը խօսինք մեր պատմութեան մասին, թերեւս պարտինք յիշել ոչ միայն հրամանատարները, այլեւ` լեւոնները:
Երբ ալ հայրենիքի մասին մտածեմ, երբ ալ մեր ժողովուրդի գոյութեան հրաշքը փորձեմ հասկնալ, Լեւոն կու գայ ու կանգ կ’առնէ աչքերուս առջեւ:
Համեստ համոզումովս, ժողովուրդ մը կ’ապրի այնքան, որքան լեւոնները չեն անհետանար անոր յիշողութենէն:
Այսօր, երբ Սարդարապատի մասին կը խօսինք, յաճախ կը յիշենք հրամանատարներու ռազմավարութիւնը, պատմական մեծ յաղթանակը: Անոնք անշուշտ մեր ազգային յիշողութեան անբաժան մասն են: Սակայն պատմութեան վեհութիւնը չի կերտուիր միայն մեծ անուններով:
Պատմութիւնը կը կառուցուի նաեւ անոնց ձեռքերով, որոնք ջուր
կը հասցնեն ռազմաճակատ, հաց կը բաժնեն քաղցած զինուորին, վիրաւորը կը խնամեն, կամ լուռ կերպով իրենց բաժին զոհողութիւնը կը բերեն ազգի գոյատեւման սեղանին:
Լեւոն այդ անթիւ անանուն հայերէն մէկն էր:
Գուցէ այսօր ալ մեր ժողովուրդը նոր սարդարապատներու առջեւ կեցած է` ռազմական, քաղաքական, ազգային, հոգեւոր եւ մշակութային մարտահրաւէրներու տեսքով: Եւ ինչպէս այն օրերուն, այսօր ալ, ժողովուրդի մը փրկութիւնը չի կերտուիր միայն ղեկավարներու խօսքերով կամ կարգախօսներով:
Անիկա կը սկսի սովորական մարդու հաւատքէն, նուիրումէն, ծառայութեան ոգիէն:
Որովհետեւ հայրենիք պահող ազգերը նախ իրենց յիշողութիւնը
կը պահպանեն:
Լեւոն լռութիւն մըն է: Բայց ժողովուրդ մը կ’ապրի անոր մէջ:
Խոնարհումով կը յիշենք Սարդարապատի նահատակները, որոնց կեանքով եւ զոհողութեամբ կերտուեցաւ այսօրուան Հայաստանի ճանապարհը:
Ահարոն Շխրտըմեան