Մայիս 28-ի սխրագործութիւնը կրնան արժեւորել միայն անոր արժանավայել ժառանգորդները, ոչ թէ «արեւմտեան Ատրպէյճան»-ի բնակիչները:
1918-էն թաւալեցան տարիներ ու իրերայաջորդ տասնամեակներ, սակայն հաւաքականութիւն, ժողովուրդ եւ ազգ շաղկապող կեդրոնական ատաղձը մնաց նոյնինքն մարդը: Բայց մարդը է՛ ու կը մնայ՝ երբեմն տոկուն ու խօսուն, երբեմն տկար ու սողուն:
Մա՛րդը ինքնին իւրայատուկ երեւոյթ է:
Կեանքի մէջ կան երեւոյթներ, որոնք համազօր են հրաշքի: Երեւոյթ հասկացութիւնը արդիւնք է, իսկ իւրաքանչիւր արդիւնք պայմանաւորուած է պատճառով:
Պատմութեան մէջ կան դէպքեր, որոնք արժեւորած են երեւոյթներ:
Ե՛ւ կան երեւոյթներ, որոնք արժեւորած են թուականներ:
Ահա՛ այս նպատակով եւ այս պատճառով սփիւռքահայ իրականութեան մէջ Մայիս 28-ի խորհուրդը եւ պատգամը միշտ մնացած են անփոփոխ եւ խտացուած «Ազատ, անկախ, միացեալ եւ ժողովրդավար Հայաստան» գաղափարական կարգախօսին մէջ, որուն խորհրդանիշը հայ զանգուածներուն համար հանդիսացած է եռագոյն դրօշը:
Ճիշդ է, որ անկախութեան խորհուրդն ու պատգամը իբրեւ սկզբունք մնացած են անաղարտ, բայց թարմացած են սփիւռքահայ քաղաքական մտածողութեան հոլովոյթին հետ, առնչուելով ազգային քաղաքական իրականութեան:
Ահա թէ ինչո՛ւ Մայիս 28-ին անդրադառնալ կը նշանակէ ուրուագծել հայ քաղաքական մտածողութեան երթը եւ մեր ազգային իրականութեան կրած փոփոխութիւնը այդ գծով:
Այսպէս ընթացան դէպքերը մինչեւ Հայաստանի 1991-ի հռչակագիրով յայտարարուած անկախութիւնը:
Խանդավառութիւնը ձիւնագնդակի պէս հասած էր իր եզակի բարձունքին:
Ժողովուրդը քաջ գիտակցելով իր առած որոշումին ու կողմնորոշումին հետեւանքները տոկաց ու դիմացաւ բոլոր տեսակի եւ բոլոր մակարդակի դժուարութիւններուն, որովհետեւ գիտէր, որ ազատ ու անկախ ըլլալը ունի իր գինը:
Եւ վճարուեցաւ գինը շատ սուղ, բայց ձեռք բերուած արդիւնքները որոշ չափով մեղմացուցին արհաւիրքը զոհողութեան:
Քաղաքական եւ տնտեսական առումով Հայաստանը ոչ այդքան կայուն պահող, սակայն սահմաններու պաշտպանութիւնը որպէս առաջնահերթութիւն նկատող իրերայաջորդ իշխանութիւնները փորձեցին նուազագոյն վնասով հայրենիքը պաշտպանել մեզ շրջապատող կլանիչ ուժերէն։ Անոնք սակայն ունէին երբեմն հասկնալի եւ ընդունելի ու երբեմն ալ անհասկնալի եւ անընդունելի սխալներ:
Վրայ հասաւ 2018-ը, ուր արդէն ժողովուրդին մէջ հասունցած էր այլընտրանքի քաղաքական տարբերակ որոնելու գիտակցութիւնը:
Պատահեցաւ այդ փոփոխութիւնը:
Արդիւնքը այսօրուան իշխանութիւնն է:
Պատահականութեան մը արգասիքը չէր, յատուկ նպատակով ձեւաւորուած այս ապազգային խունթան չարաշահելով ժողովրդային պոռթկումը, այսպէս կոչուած նախկիններուն դէմ, քայլ առ քայլ սկսաւ իրականացնել իր ազգադաւ ծրագիրը։ «Արցախը Հայաստան է եւ վերջ» յայտարարութեան աւարտը եղաւ Արցախի հայաթափումը:
Նոյն խունթայի Պ. Նախարարի խրատն էր ազերիներուն՝ «նոր պատերազմ՝ նոր տարածքներ». արդիւնքը յստակ էր՝ 4000-է աւելի նահատակներ, 44 օրեայ պատերազմ։ Մինչեւ օրս կատարուած Հայաստանի իսկ ինքնիշխան տարածութիւններէ որոշ զիջումներ, միշտ քողարկուած խաղաղութեան ոչ մէկ օրինաչափով բանաձեւուած մեծ խաբկանքի մը վերնագրով: Արդիւնքը անճարակութիւն, որպէսզի մեղմացուցած ըլլամ իսկական խորքը՝ դաւաճանութիւնը:
Մայիս 28-ը այսօր ճգնաժամ է:
Այսօր՝ ազգային մեր գիտակցութեան եւ պատկանելիութեան դատաստանն է:
Պատմութեան էջերուն մէջ իր դրոշմը ձգած մեր ժառանգութեան վերակենդանացման օրն է:
Դաստիարակութիւնը մարդէ մարդ յարաբերութեան ամէնէն ազնիւ վերնագիրն է, իսկ դաստիարակութեան վսեմագոյնը ազգայինն է:
Դաստիարակչական գործընթացը կ’ըլլայ փուլերով եւ յստակ նպատակներով:
Եթէ պետականութիւն ստեղծողներուն նպատակները ժողովրդական պահանջքներուն հարազատ արտայայտութիւնը չեն, անոնք ուշ կամ կանուխ կը բացայայտեն իրենց սնանկութիւնը: Պետականութեան կերտումի ճամբուն վրայ կարելի չէ խաբել ժողովուրդը եւ մնայուն կերպով շեղել անոր մտասեւեռումը: Այդ վիճակին մէջ յայտնուած ժողովուրդը շուտով կը զանազանէ սեւն ու սպիտակը եւ կ’ապրի յուսախաբութիւն:
Այդ յուսախաբութիւնը կը բանայ ժողովուրդին աչքերը, որոնց դիմաց կը կանգնին մերկ թագաւորները:
Յուսախաբ ժողովուրդները վտանգաւոր են: Պատմութիւնը բազմիցս ապացուցած է:
Երբ սարսափը կրկնուի, կեանքը կը դառնայ զզուելի:
Հայերս պատմութեան ընթացքին մէկէ աւելի սարսափներ ապրած ենք, բայց մտահոգիչը այն է, որ սարսափեցանք բայց չսթափեցանք:
Վտանգուած են ազգն ու ազգայինը. տեղի տուած է արժանապատուութեան եւ պատկանելիութեան զգացումը:
Միշտ ի մտի ունենալով պատճառականութեան հասկնալին եւ ընդունելին, մերօրեայ իրավիճակը անհասկնալի է եւ ինչու չէ նաեւ անընդունելի:
Ի վերջոյ ինչո՞ւ կը ներկայացուի այնպէս, որ իբրեւ թէ բարեփոխուած է հայրենի երկնակամարը. «խաղաղութեան փուլ»-ի մասին անհեթեթ ճառեր արտասանելէ առաջ եւ ետք, Հայաստանի պրն. Վարչապետը պէտք է կարենայ իր իշխանութիւնը «անպարտ» արձակել թրքամէտ իր խառանէն:
Պատմութիւնը ունի ստիպող ու պարտադրող եւ յաճախ ճնշող հրահանգներ, սակայն ապագայի հանդէպ վստահութիւնը ինչպէ՞ս վերականգնել:
Այս բոլորը կը զարգանան ու պարարտ հող կը գտնեն բաւական աննպաստ պայմաններու մէջ: Հոս պէտք է գրիչը թաթխել կաղամարի եւ արձանագրել փորձառութիւնը անցեալի:
Լայն վերնագիրով պէտք է բնութագրել ու յայտարարել:
Ազգային հարցը կը պահանջէ առողջ լուծումներ:
Մայիս 28-ը…
Միշտ եղած է սրբազան ու բազմախորհուրդ թուական մը, որ կ’անջատուի հայոց պատմութեան յիշատակելի դէպքերու եւ դրուագներու շարքէն, իր խորհրդանշական բովանդակութեամբ։
Կը բարձրանայ շա՛տ վեր ընթացիկ իրականացումներու, յաջողութիւններու եւ խիզախութիւններու մակարդակէն, եւ իր արժէքով ու կարեւորութեամբ կը լեցնէ, կ’իմաստաւորէ այդ պատմութիւնը ամբողջ: Իբրեւ հայ ազգային հաւաքական հոգեբանութեան վերափոխիչ ու նոր իրականութիւններու , նո՛ր թռիչքներու, նո՛ր հորիզոններու կերտիչ:
Մայիս 28-ի խորհուրդը…
Ահազանգ ազդարարելն է հայրենի մեր ժողովուրդի քաղաքական կեանքը առաջնորդելու հաւանականութիւնը ունեցող ուժերուն՝ որոշապէս վարկաբեկուած իշխանութիւններուն. ազգովին ունինք ընտրապայքարներ շահելու եւ իշխանութեան աթոռներ գրաւելու այդ հաշիւներէն շատ ու շատ հեռու գացող ամբողջ հայ ժողովուրդի ազգային- քաղաքական գալիքը խնդրոյ առարկայ դարձնող սադրանքներ դիմագրաւելու գերխնդիր:
Եւ վերջապէս բոլորս պէտք է գիտակցինք՝ հայ ժողովուրդի համար ճակատագրական այս պահուն, հայրենիքը կարիք ունի իր բոլոր զաւակներու անմնացորդ նուիրումին:
Այսպէս միայն կրնանք շարունակել մեր ճամբան՝ յանուն մեր արժէքներու եւ առաջադրանքներու իրականացման:
Հայաստանի քաղաքական բեմը խճողուած է, ուր կարելի է գտնել զանազան ոլորտներու մէջ լողացողներ:
Իսկ իշխանութիւնը կը վարէ անողնաշար եւ երկդիմի քաղաքականութիւն՝ արեւելքի եւ արեւմուտքի հետ, մոռնալով որ հայուն թոյլատրուած չէ երկու հարսանիքներուն միատեղ պարելը:
Անցեալի մեր փորձառութիւնը կը յուշէ, որ հայը իրաւունք ունի իր սեփական պարը պարելու իր սեփական հարսանիքին:
Հասած է պահը փոփոխութեան:
Պարգեւ Աւագեան