Առաջին այցելութիւնս էր Հայաստան, արդէն հայրենիք հաստատուած ընկերոջս առաջնորդութեամբ, շաբաթավերջ մը Սարդարապատ այցելեցի, Մայիս 28 չէր, բայց այլ այցելուներ եւս կային, ըստ երեւոյթի համալսարանական սփիւռքահայ երիտասարդներ էին։ Մուտքէն մինչեւ յաղթանակի յուշապատ, խանծուելու աստիճան վայելեցի Արմաւիրի արեւը։ Այդ օր Արծիւներու սալայատակուած ճեմուղիէն մինչեւ զանգակատուն սփիւռքահայ երիտասարդուհիի մը բոկոտն բարձրանալուն ականատես եղայ։ Անոր ներբանները վստահաբար կ’այրէին սալերու տաքութենէն, մինչ հարցադրողներուն կը պատճառաբանէր, որ ճակատամարտի նահատակներու աճիւններու հողաթումբը հանդիսացող զանգակատան պատուանդանին ոտաբոպիկ կ’ուզէր մօտենալ, որպէս յարգանքի արտայայտութիւն։
Կը քալէր երկիւղած՝ առանձին, բազմաթիւ աչքեր կը հետեւէին անոր երբեմն այլայլող քայլերուն։ Իրմէ քանի մը քայլ ուշացումով ես ալ քրտնաթոր հասայ 9 զանգերով զանգակատան պատուանդանին, ուր հայրենակերտ նահատակներու աճիւնները կը հանգչէին եւ կը խօսէին բարձրադիր զանգերուն ղօղանջներով՝ ամէն Մայիս 28-ի։ Մտովի «Հայր Մեր» մը արտասանելէ եւ խոնարհումէ մը ետք ակնածանքով ուղղուեցայ դէպի յաղթանակի յուշապատը։ Մինչ աչքերս կը դիտէին Արա Յարութիւնեանի հզօրութիւն եւ շարժման զգացողութիւն ներշնչող որմնաքանդակները, համապատկերէն արտացոլացող ազգային միասնականութիւնը կը շնչէի, տիրող լռութեան մէջ կը լսէի Սարդարապատի ճակատամարտի հրամանատարներ՝ զօրավարներ Մովսէս Սիլիկեանի եւ Դանիէլ Բէկ Փիրումեանի հրահանգները, բանակային համազարկի շառաչ, զէնքերու շաչիւն, ձիերու խրխինջ, սայլերու ճռինչ, թնդանօթներու որոտ, գոռում գոչում, վայնասուն եւ հուռաներ սրտառուչ, հովին հետ հասնող Արարատեան դաշտի եկեղեցիներու զանգակներու ղօղանջը։ Ես ճակատամարտը կ’ապրէի,երբ ընկերոջս կանչը անդրադարձուց, որ արդէն ժամն է վերադարձի, տպաւորութիւններով ամփոփած այցելութիւնս աւարտեցի։
Արծիւներու ճեմուղիէն վերադարձիս ինքնաբերաբար տարբեր կշռոյթով կը քալէի, չէ որ յաղթադաշտէն լիցքաւորուած կը վերադառնայի։ Սարդարապատի յաղթանակի համալիր այցելութիւնը յիշողութեանս մէջ մնաց իր առթած գերազանց հպարտութեամբ եւ յուզմունքով ու բոկոտն բարձրացող ուսանողուհիին պարզութեամբ, խորիմաստ, իւրօրինակ երեւոյթով։
Այս տարի, Սարդարապատի հերոսամարտի ճակատամարտէն 108 տարիներ ետք, 7 Յունիսէն ինը օրեր առաջ, երբ զանգերը կրկին ղօղանջեն, Անմահն Պ. Սեւակի մեկնութեամբ կարծեմ նահատակները պիտի բարձրաձայնեն «Սերունդնե՛ր, դուք ձեզ ճանաչէ՛ք»։
Գրիգոր Տունկեան