ԱՄՍՈՒԱՆ ԳԻՐՔԸ
————————-
Կան գիրքեր, որոնք կարդալու ընթացքին ոչ թէ էջեր կը թերթենք, այլ կը փոխադրուինք հեղինակին նկարագրած միջավայրը։ Այդպիսին է վաստակաւոր գրող, կրթական մշակ եւ հայկական թատրոնի սպասարկու Յակոբ Միքայէլեանի «Նոր Գիւղ» գիրքը։ Անոր էջերուն հետ կը շրջիք Նոր Գիւղի փողոցներուն եւ թաղերուն մէջ. կը դիտէք կեանքը գիրքին բացած պատուհանէն: Թէ ինչո՛ւ Հալէպի այս թաղամասը այդքան հարազատ ու մտերմիկ էր ու կը շարունակէ այդպէս մնալ, կ’իմանաք 176 էջերու վրայ տարածուած յուշագրութենէն:
Հեղինակը նախ մեզ կը ծանօթացնէ իր արմատներուն: Միքայէլեան զտարիւն զէյթունցի է՝ թէ՛ հօր, թէ՛ մօր կողմէն: Գիրքին մէջ ան հպարտութեամբ կը յիշէ իր նախահայրերուն պատմութիւնը Զէյթունի անառիկ լեռներուն վրայ, թէ ինչպէ՛ս քաջաբար կ’ապրէին արծուաբոյն Զէյթունի մէջ: Այդ նոյն քաջ ու անկոտրում ոգին է, որ հեղինակին խօսքով գետնի վրայ իր հայրն ու հարազատները արծիւներ դարձցուցած է: Կը պատմէ անոնց քաջագործութիւններուն մասին՝ հայրենի հողին վրայ, որմէ տեղահանուելով պիտի հաստատուէին Հալէպի աւազներուն վրայ ու զայն վերածէին հայկական բերդի։
Գիրքը կը յատկանշուի իր պարզ ու մատչելի ոճով: Միքայէլեան չի փորձեր բարդ բառերու ետին պահուըտիլ. ան կը նկարագրէ Նոր Գիւղի կեանքը իր ամէնէն նուրբ մանրամասնութիւններով: Հոն կը գտնենք թաղին արհեստաւորները, անցուդարձը, երեխաներուն աղմուկն ու չարաճճիութիւնները, այն յատուկ մթնոլորտը, ուր դրացին դրացիին հարազատն էր: Ասիկա Նոր Գիւղի կենդանի դիմանկարն է:
Հեղինակը Նոր գիւղը «Փոքրիկ Հայաստան» կը կոչէ՝ վերյիշելով անոր հայ բնակիչները, տանիքները, խորոված բուրող պատշգամները, հոգատար մայրերը, ազգապատկան կալուածները, իր տունն ու սրամիտ ընկերները, որոնք իրենց ընդհանրութեան մէջ անջնջելի հետք թողած են հեղինակին կեանքին ու աշխարհահայեացքին վրայ։
Մօտաւորապէս քսան տարի Նոր Գիւղ ապրած, ապա այլ թաղամաս փոխադրուած, իսկ Սուրիոյ պատերազմական տարիներուն Հայաստան հաստատուած հեղինակը գրողի իր պարտքը կու տայ կարծէք՝ Նոր Գիւղի մէջ ապրուած օրերն ու հայկական եռուն կեանքը լոյսին բերելով։
Այսօր Նոր Գիւղը արտաքնապէս փոխուած է, ահա թէ ինչո՛ւ այս գիրքը կը դառնայ մեր յիշողութեան պահապանը: Անիկա անկեղծ վկայութիւնն է դժուար, բայց նոյն ատեն կենսուրախ անցեալին, նաեւ յարգանքի տուրք՝ Նոր Գիւղին հայկական դիմագիծ ու եռանդ շնորհողներուն: Ընթերցողը Նոր Գիւղի ջերմութիւնն ու մտերմութիւնը կը վերապրի ու կ’ըմբռնէ
նորովի։
Կը ներկայացնէ Համազասպ Շաքարեան