Երէկ, Կիրակի (17 Մայիս), գրեթէ աննախադէպ սքանչացումով դիտեցինք “Մեռնիլը որքան դժուար է” թատերախաղը, զոր կրնանք երեւոյթ մը նկատել հալէպահայ թատրոնի վերջին քսան տարիներու պատմութեան մէջ։
Մինչ մենք նստած` հանդիսատեսի մեր աթոռներուն վրայ, Համազգայինի “Լեւոն Շանթ” թատերախումբը գրաւեց մեր սրտերը, արթուն պահեց մեր միտքը, երբեմն խռովեց մեր հայու հոգին…։ Միով բանիւ` ան արձանագրեց ծափահարելի ոստում մը։

Քիչ անգամ վարագոյր կը բացուի սփիւռքահայ մեր թատերական ընտիր գործերուն առջեւ, ու ընդհանրապէս` մեր թատերախումբերը հակամէտ են ներկայացնելու թեթեւ զաւեշտներ կամ մեր սեւ ու ճերմակ առօրեան ցոլացնող ընթացիկ պատկերներ։ Բայց այս անգամ բա’ն մը փոխուած էր “Լեւոն Շանթ” թատերախումբի աշխարհայեացքին մէջ։ Առնուած էր յանդուգն քայլ մը։ Եւ այդ քայլը յաջո’ղ, դիպո’ւկ ու նպատակային էր միաժամանակ։

Փիէսին հեղինակը` Մուշեղ Իշխան (1914-1990), մեր լեզուի երկրպագուներէն մին էր, որ տասնամեակներ շարունակ ծառայեց լիբանանահայ գաղութին` որպէս բանաստեղծ (ո՞վ չի յիշեր անոր “Տուներու երգը”), արձակագիր, երկարամեայ ուսուցիչ եւ խմբագիր։ Առաւել եւս` թատերագիր։ Շուրջ 40 տարի առաջ, մի’շտ Հալէպի մէջ, դիտած էինք իր “Մովսէս Խորենացի եւ Պարոյր Հայկազն” թատերախաղը…։

Երէկ ալ, քառասուն տարի առաջուան նման, ամբողջ երկու ժամ վայելեցինք մուշեղ-իշխանական գեղեցիկ ու վճիտ հայերէն մը, որ առանձինն ԴԱՍԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆ ՄԸ եղաւ։

Թատրոնին առաքելութիւններէն մին ալ ա’յս է ահաւասիկ։ Գրականութիւն հրամցնել ժողովուրդին, գրական ճաշակ ներարկել անոր, գեղեցիկ լեզուին ընտելացնել ժողովրդային զանգուածները…։

Հոս, պիտի չանդրադառնանք թատերախաղին նիւթին, որ ԱՆԻՐԱԿԱՆ ըլլալով հանդերձ` ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԿԸ ՄԱՏՆԱՆՇԷՐ։ Միայն յիշենք, որ գլխաւոր դերերուն մէջ կ`երեւէին փորձառու դերասաններ Գէորգ Կարանեան, Գէորգ Արոյեան եւ Սարգիս Խալոյեան։ Թէեւ կարճատեւ երեւումներ ունեցան Շանթ Ուրիշիկեան եւ Մարինէ Մարգարեան, սակայն իրենց վերապահուած դերասանական բաժինները (թէ’ իբրեւ պատգամ֊խօսք եւ թէ’ իբրեւ մատուցում` ձայնային հմայիչ առոգանութեամբ) շատ խորունկ տպաւորութիւն գործեցին մեր վրայ։

Այս բոլորը, հաւանաբար, կը պարտինք բեմադրիչ Շանթ Ուրիշիկեանին, որ հասուն եւ ձեռներէց դերասան մըն էր արդէն։ Երէկ, ան ապացուցեց, թէ կրնայ ամենայն վարպետութեամբ նստիլ նաեւ բեմադիրի աթոռին վրայ…։

Երէկ գիշեր տօ’ն էր մեզի` թատերական իմաստով։ Հալէպի ապրած ճգնաժամերէն ու անդարմանելի կորուստներէն ետք, երբ մարդուժի պակաս կայ մշակութային բոլո’ր ճակատներուն վրայ, ամբողջովին ՏԵՂԱԿԱՆ ուժերով բեմ հանել ” Մեռնիլը որքան դժուար է”-ի նման գրականաշունչ փիէս մը` յաղթանակ մըն է։

Վարձքը կատար` թատերական միաւորի նուիրեալ անդամներուն։

Լեւոն Շառոյեան