Ամերիկա փոխադրուելէս տարիներ ետք, Քալիֆորնիոյ հազուադէպ պատահող պաղ օրերէն մէկն էր, երբ կարօտով հագուեցայ Հալէպէն բերած ու մէկդի դրած վերարկուս։ Այդ պահուն տաքուկ զգացողութիւն մը պատեց հոգիս, միաժամանակ ծանրութիւն մը իջաւ վրաս։ Գրպաններս ստուգեցի. թեւին վրայ կարուած գրպանէն բանալիներու տրցակ մը յայտնաբերեցի։
Պահ մը սառած հայեացքով նայեցայ անոնց. Հալէպի բանալիներս էին, որոնք հետս գաղթած ու եկած էին նոր աշխարհ։ Հիմա կը դիտեմ զանոնք՝ պարզ մետաղներ են թէեւ, սակայն ափիս մէջ սեղմուած՝ տարիներու փորձառութիւններս ու յիշատակներս կը խտացնեն։ Իւրաքանչիւր բանալի ունի իր պատմութիւնը. իւրաքանչիւրը իրեն յատուկ տեղի ու ժամանակի մասին կը խօսի։ Պատմութեան այդ թելերը միահիւսուելով կը ներկայացնեն ողջ կեանքիս տարեգրութիւնը։
Անոնք կը սողոսկին զգացական աշխարհէս ներս ու կը հասնին մինչեւ աչքերս, մինչ յիշողութիւնս զիս իր թեւերուն վրայ առած կը տանի հոն, ուր մարդիկ օրուան հացին հասնելու հեւքին մէջ էին, իսկ մենք՝ երեխաներս, այդ հացը ունենալու բախտաւորութեամբ երջանիկ էինք։
Հոն էր, որ ճանչցայ բանալիներու պատմութիւնը…
Երբեւէ տեսե՞ր էք դռան ոսկեգոյն կամ սեւ մետաղեայ մեծ բանալիներ։ Մեր մանկութեան տուներու բանալիներն էին անոնք՝ ոսկեգոյն կամ սեւ, 15-20 սմ․ երկարութեամբ ու հազիւ թէ գրպանի մէջ տեղաւորուէին։
Մեր տունը Նոր Գիւղի չորրորդ մանթըխան (թաղամասը) էր. ունէր երկու փեղկով դուռ մը, որուն մէկ կողմը ուռնակն էր, իսկ միւս կողմը՝ բանալիի կղպանքը, որ կը բացուէր այդ մեծ երկաթեայ բանալիով։ Թէեւ մեր դռները մինչեւ իրիկուն բաց կը մնային ու միայն գիշերները կամ թաղէն մեր դուրս ելլելու պարագային կը գոցուէին։ Մենք՝ երեխաներս, բանալի չունէինք, արդէն առանձին տեղ ալ չէինք երթար։ Բանալին մամաս կը պահէր իր սեւ պայուսակին մէջ, իսկ պապաս՝ իր տաբատին ետեւի գրպանը, որուն կոճակի լեզուակը անցուցած կ’ըլլար բանալիին բացուածքէն եւ կոճկած՝ տաբատին։ Մէկ ալ մեր քովի սափրիչը ունէր, որ կախած կ՚ըլլար խանութին մէկ անկիւնը, որպէսզի մեր բացակայութեան, իր բաղնիքի պէտքին համար, դուռը բանար ու մտնէր։ Ես առաջին տանս բանալին չունեցայ երբեք, նոյնիսկ երկրորդականի աշակերտ եղած տարիներուս, որովհետեւ երբ տուն գայի, մայրս զիս կը սպասէր։
Նոր Գիւղի հայաթափումով, մենք ալ փոխադրուեցանք հայաբնակ նոր շրջան մը։ Այս տունը առանձնատուն չէր, այլ՝ շէնքի մը վերջին յարկը, որուն հասնելու համար մօտ հարիւր աստիճան պէտք էր մագլցէինք։ Շէնքի բնակիչները զուտ հայեր էին, բայց դռները բաց չէին, այլ միշտ՝ փակ, միայն կը բացուէին երբ զանգը զարնուէր։ Երկրորդ տան համար պէտք ունէի բանալիի, ուստի առաջին ծանօթութիւնս բանալիի հետ եղաւ մեր յարկաբաժինի բանալիով: Այս բանալին նախկին մեր բակով տուներու բանալիներէն կը տարբերէր իր չափով, գոյնով եւ ձեւով։ Նախորդը մեծ էր ասիկա՝ փոքր, յարմար պահելու գրպանի մէջ կամ պայուսակի: Այդ օրերուն նորոյթ էր բանալիի կախիչը, որ կը կոչուէր porte cles ֆրանսերէն լեզուէն ժառանգուած, փորթուքլէի գործածութիւնը անհրաժեշտութիւն ըլլալէ անդին էր, մարդիկ նոյնիսկ իրարու նուէր կուտային։
Բանալիներու թիւը շատնալով հետզհետէ փորթուքլէին պարտականութիւնն ալ կ’աւելնար:
Առաջին բանալիիս եկաւ միացաւ նամակատուփի նուրբ ու անուշիկ բանալին։ Երկուքն ալ ոսկեգոյն էին՝ երկու քոյրերու նման, մէկը՝ մեծ, միւսը՝ փոքր, երկուքն ալ սիրելի։ Մէկը զիս կը հանգստացնէր՝ տուն առաջնորդելով, միւսը կ’ուրախացնէր՝ սպասուած նամակներ բացայայտելով։ Այսպէս, բանալին կ’ընկերակցէր ինծի ամէն տեղ եւ ապահովութիւն կը ներշնչէր։ Տարիներու հոսքին հետ բանալիներուս թիւը աւելցաւ։ Մօրաքրոջս յաճախակի այցելելուս պատճառով, անոր տան եւ նամակատուփի բանալիներն ալ միացան իմիններուս։
Երբ սկսայ Ազգ․ Հայկազեան վարժարանէն ներս պաշտօնավարել, առաջին օրը տնօրէնուհին՝ Օրդ․ Ֆիմին, ուսուցչարանի պատին կախուած երկար փայտէ պահարաններէն մէկը ցոյց տալով ըսաւ.
— Ասիկա պահարանդ է, ապրանքներդ հոն կրնաս տեղադրել, այս ալ՝ բանալին։
Որքա՜ն ուրախ էի. ան ալ միացուցի իմ բանալիներու խումբին։
Ամուսնացայ, տունս փոխուեցաւ, հետն ալ՝ բանալիներս, նոր տան նոր բանալիներ, ոչ թէ մէկ հատ, այլ քանի մը հատ՝ քանի մը կղպանք…
Տարիները իրենց հետ կը բերէին փոփոխութիւններ, նոյնիսկ բանալիի ձեւին մէջ, որուն հետեւողական զարգացումէն կարելի էր ենթադրել մարդկային կեանքի ընկերային, տնտեսական եւ քաղաքական զարգացման հոլովոյթը։ Երբ Նոր Գիւղ կ’ապրէինք, տան դռները բաց էին. ամէն մարդ, ամէն ատեն կրնար միւսին տունը մտնել։ Երբ փոխադրուեցանք հայ բնակիչներով շէնք մը, մեր դռները բաց չէին, բայց մէկ բանալիով կը բացուէին, եւ երբ հիւրերը զանգը զարնէին, սիրով կ’ընդունուէին։ Հետագային, երբ ապրեցանք ոչ զուտ հայկական թաղամաս մը, բնակիչները այլազան էին՝ տարբեր ազգութիւններէ ու կրօնքներէ։ Հոս մեր դռները ունէին երկու տեսակ կղպանք՝ մէկը սովորական դուռը բանալու, իսկ միւսը՝ վեց կղպանքով, առաւել՝ ներսէն շղթայով փականք մը…
Այսպէս, շուտով բանալիներուն վրայ աւելցան ինքնաշարժի, ամառանոցի, գործատեղիի ու գրասենեակի բանալիները։ Բանալիներու բազմացումը ենթադրել տուաւ պարտաւորութիւններու բազմացում, որուն հետեւանքով փորթուքլէները փոխուեցան, բայց բանալիները մնացին՝ միշտ տուն եւ գործատեղի յուշող, տան եւ կեանքի ապահովութիւնը զգացնող կեդրոնական գոյութիւն մը պայուսակիս կամ գրպանիս մէջ։
— Թըք․․․
Կաթիլ մը արցունք գլորեցաւ, ինկաւ ձեռքս հանգչող բանալիներուս վրայ… Սթափեցայ, բայց նայուածքս սառած մնաց այդ կաթիլին վրայ, որ իր մէջ կը խտացնէր հաւաքական յիշողութիւնը մեր ժողովուրդին…
Մանկութեանս ճանչցայ բանալիներու պատմութիւնը… Այո՛, յիշեցի մեր շուրջի կարգ մը տարեց մեծ հայրիկները, որոնք միշտ իրենց հետ խոշոր բանալիներ ունէին, եւ կարծէք երկաթեայ այդ բանալիի ծանրութեան տակ կքած, ձեռքերը դէպի ետեւ մէջքին յենած, դանդաղ քայլերով կ՛անցնէին մեր թաղէն, կամ դիմացի խանութպանին դռան առջեւ, պզտիկ աթոռակներու վրայ նստած, պատմութիւններ կը պատմէին իրարու։ Ես՝ հետաքրքիր երեխայ, անոնց կողքին կը կենայի, բայց բան չէի հասկնար խօսակցութենէն։ Օր մըն ալ հետաքրքրութիւնս զիս մղեց, որ մեծ հօրս հարցնեմ.
— Մեծ հայրի՛կ, ո՞ւր է քու բանալիդ։
— Ի՞նչ բանալի, ինչո՞ւ համար, — ըսաւ եւ ցոյց տուաւ իրենց տան բանալին, որ մերինին կը նմանէր։
— Մերինէն չէ՛, — ըսի ու շարունակեցի, — Սիլվային եւ Շաքէին մեծ հայրիկները ուրիշ բանալի ալ ունին, որ շատ աւելի խոշոր է։
Տխուր եւ զարմացած նայեցաւ ինծի, գլուխը շարժեց ու չպատասխանեց։
Թէեւ անպատասխան մնալուս համար յուսախաբ էի, բայց ոչ յուսահատ։ Քանի մը օր ետք մեծ մօրս քով նստեցայ եւ նոյն հարցումները ուղղեցի անոր.
— Ի՞նչ պիտի ընես, աղջի՛կս, քեզի ինչ այդ մարդոց բանալիները…
— Կ’ուզեմ գիտնալ, անոնց մեծ հայրիկները ինչո՞ւ այդպիսի բանալի ունին, ո՞ւր է ձերը։
— Խոստացի՛ր ինծի, ինչ որ ըսեմ՝ պիտի գոհանաս։ Ուրեմն, այս մարդիկը, որոնց քով բանալի կը տեսնես, հայրենիքէն գաղթած ատեն, երբ տուն-տեղ ձգած՝ ճամբայ ելած են, այդ բանալին իրենց հետ բերած են։ Իրենց հին տան բանալին է. այդ բանալին տունդարձի յիշողութիւնն ու խթանն է։
Ճիշդը ըսելու համար, շատ բան չհասկցայ այդ ժամանակ, բայց քանի որ խոստացած էի այլեւս հարցում չուղղել՝ լռեցի, բայց բնաւ չմոռցայ…
Ահաւասիկ այսօր կը հասկնայի, երբ խումբ մը բանալիներ ափս ցաւցնելու չափ սեղմած յիշողութիւնս կ’արթնցնէին եւ զիս տուն կը տանէին…
Հասկցայ, թէ այդ մարդիկ ինչո՛ւ բանալիները կը պահէին իրենց մօտ, հասկցայ թէ անոնք անտեսելով կորուստի ցաւը, իրենց հետ կը պտըտցնէին բանալիները, որպէս զէնք՝ դիմադրելու մոռացութեան, որպէս յոյս՝ վերընձիւղելու եւ որպէս արթուն պահակ յիշողութեան եւ ճանապարհ՝ պահանջատիրութեան:
Այս բոլորը զիս մղեցին բանալիներու մասին փնտռտուքի։ Ըստ կարգ մը կայքէջերու՝ բանալիներու գործածութիւնը սկսած է Միջագետքի մէջ՝ Ք.Ա. 4000 թուականին, իսկ Ք.Ա. 2000 թուականին Եգիպտոսի մէջ արդէն տեսնուած է անոնց կիրարկումը։ Նախ եղած են փայտեայ, ապա՝ մետաղէ, որմէ ետք տարածուած են աշխարհի չորս կողմերը եւ զարգացած՝ այլազան տեսականիներով։ Այդ շրջանին բանալիները ֆիզիքական իմաստ ու գործածութիւն ունէին. գոց դուռ մը կամ փակ տեղ մը բանալու կամ բացայայտելու կը ծառայէին։ Սակայն տարիներու ընթացքին բանալի հասկացութիւնը շատ մը հոլովոյթներէ անցած է, եւ պարզ գործիք ըլլալու կողքին՝ անիկա նաեւ խորհրդանիշ դարձած է։
Այսօր բանալին ընդհանրապէս կը խորհրդանշէ մուտք, գիտելիք ու իշխանութիւն, կամուրջ՝ ծանօթ եւ անծանօթ աշխարհներու միջեւ, գաղտնիքներու հասանելիութիւն եւ նոր հնարաւորութիւններու բացայայտում՝ միաժամանակ ներկայացնելով ապահովութիւն, պաշտպանութիւն ու գաղտնիքներու պահպանում։
Հայկական մշակոյթին մէջ, բանալին բաժնելով մէկտեղ համընդհանուր իմաստներ, ունի հզօր խորհրդանիշեր՝ հաւաքական յիշողութիւն, ժառանգութիւն եւ սեփականութեան հեղինակութիւն։ Այս իրողութեան փաստացի օրինակին կը հանդիպինք մեր պատմութեան մէջ, երբ 1903-ին Ռուսիոյ Նիկոլայ Բ. ցարի «Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ կալուածներու բռնագրաւման» որոշումին դէմ ծառացած ժողովուրդին կանչը՝ օրուան Ամենայն Հայոց Հայրապետին՝ Խրիմեան Հայրիկին ուղղուած. «Հայրի՛կ, բանալիները չյանձնե՛ս»-ը եղաւ այն կենսական կարգախօսը, որմէ տպաւորուած ժողովուրդը բռնցքուելով դէմ դրաւ ժամանակակից մեծագոյն ուժերէն ցարական Ռուսաստանին։ Անիկա փրկեց եկեղեցական կալուածներն ու ազգային արժանապատուութիւնը՝ որպէս ազգային սեփականութեան եւ հեղինակութեան իրաւունքի պաշտպանութիւն։
Բանալին հայ մշակոյթին մէջ եղաւ նաեւ խորհրդանիշը արմատներ վերադարձին։ Յուզումով կարդացած եմ բանալիներու առնչուող հայոց պատմութեան ծանրակշիռ դէպքերէն մէկը՝ 1604-1605 թուականներուն, երբ Շահ Աբասի հրամանով տասնեակ հազարաւոր հայեր բռնի կը տեղահանուին Հայաստանէն դէպի Պարսկաստան՝ կիրարկելով «այրած հողի» քաղաքականութիւնը։ Մեր ժողովուրդի զաւակները ահաւոր այդ պահուն, երբ կորսնցուցած էին տուն-տեղ եւ ունեցուածք, կը միաւորուէին գիւղի քահանային շուրջ՝ իրենց ձեռքերուն մէջ սեղմած հրկիզուած տան բանալիները։ Աղօթքով կը հաւաքէին բոլոր բանալիները, կը կապէին իրար եւ, որպէս իրենց վերադարձի խարիսխ, զանոնք կը նետէին Արաքս գետի ընդերքը։ Այո՛, անոնք կը նետէին հաւաքուած բանալիները՝ որպէս տունդարձի յիշողութիւն եւ իրաւունքի պահանջատիրութեան գիտակցութիւն։
Դարեր ետք պիտի կրկնուէր տեսարանը այն պատմական արհաւիրքին, որ ցարդ խոր հետք ձգած է հայկական փորձառութեան վրայ։ Սփիւռքի շատ հայերու համար հին երկաթեայ բանալին կը ներկայացնէ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ մնացած տուները՝ խորհրդանշելով 1915-ի Ցեղասպանութիւնը, անարդարութիւնն ու պահանջատիրութիւնը։ Այս բանալիները Սփիւռքի մէջ պահուեցան որպէս սրբազան ընտանեկան ժառանգութիւն՝ խորհրդանշելով վերադարձի իրաւունքը եւ յիշողութեան պահպանումը։
Այսպէս, երբ հայոց պատմութեան փապուղիներով կ’անցնինք, կը գիտակցինք բանալիներու խորհուրդին, որ մեզի ցոյց կու տայ հայ ժողովուրդի քով բանալիներու ուժն ու իրաւունքը, տունդարձի յոյսը։ Այն յոյսը, որ մղեց զիրենք վերականգնուելու եւ վերընձիւղուելու. մտածելակերպ ու հաւատք, որ փոխանցուելով սերունդներէ սերունդ՝ հասած է մեզի։ Տակաւին այսօր կարելի է հանդիպիլ հայրենիքի մէջ նոյն ճակատագրին անարգաբար ենթարկուած արցախցիի մը, որ կը կրէ իր դռները բաց ձգած տան բանալին՝ որպէս խարան անարդար աշխարհի ճակտին։
Ես ալ՝ հայ ժողովուրդի մէկ մասնիկը, կեանքիս մէջ նոյնպէս ունիմ բանալիներս, որոնք կ’ընկերակցին ինծի եւ կը պատմեն կեանքիս պատմութիւնը։ Այսօր, գիտութեան յառաջացումով, բանալիներու ֆիզիքական գործածութիւնը նուազած է մեր կեանքին մէջ. ամէն ինչ սկսած է թուայնանալ, եւ մատներու հպումով իսկ կարելի է տան դուռը բանալ։ Բայց եթէ փորձէք դարակներս բանալ, իւրաքանչիւրին անկիւնը կը գտնէք տրցակ մը բանալիներ, որոնք, եթէ լեզու ունենային, ինչե՜ր պիտի պատմէին ու յիշեցնէին ինծի։ Նոյնիսկ փորթուքլէները ունին իրենց պատմութիւնը։
Հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ բանալիներու խորհուրդը մեզ կը յուշէ պարտաւորութիւններ եւ պարտականութիւններ։ Բանալիները հայրենիքի հողը իրենց արիւնով ոռոգող նահատակներու մրմունջն են, տունդարձի շեփորն են, որոնք բարձրաձայն կը պատգամեն վերընձիւղիլ, վերապրիլ եւ միշտ տունդարձի ջահը անմար պահել։ Ոչ թէ զոհի, այլ իրաւատիրոջ մղումով առաջ ընթանալ՝ պատկանելիութեան զգացումը եւ պահանջատիրութեան հուրը սնուցանելով ազգային արժանապատուութեամբ, միշտ պահելով երկաթէ բանալիները մեր ձեռքերուն մէջ եւ զանոնք փոխանցելով նոր սերունդին։
Լինտա Գանտիլեան