Քաղաքը ընկղմած էր մթնշաղի մէջ։ Անձրեւը անդադար կը տեղար՝  փորձելով պողոտաներուն ապականութեան հետ լուալ-տանիլ նաեւ մարդոց մոռցած սովորութիւնները։
Երեկոյ էր, երբ Սեւակ մտաւ «Լուսամատեան» հնամենի գրադարանը։ Դուռը բացուելուն պէս, հին թուղթի ու  հնամաշ փայտի միախառնուած բոյրը ծանրացաւ անոր շունչին հետ։ Ներսը լռութիւնը տիրական էր, իսկ օդին մէջ կախուած փոշիի հատիկները կը պարէին՝ թոյլ լոյսին տակ։ Իւրաքանչիւր քայլափոխի, յատակի տախտակները կը ճռճռային, կարծէք գրադարանը ինքնին կը հառաչէր։
Գրադարանավարը՝ ծերունի Մկրտիչը, իր ակնոցին վրայէն նայեցաւ այցելուին ու ցած ձայնով հարցուց.
– Դո՞ւն ալ եկար փնտռելու «անհետացողները»։
Սեւակ քիչ մը շփոթած պատասխանեց.
– Գիրքերո՞ւն կ’ակնարկէք, թէ ընթերցողներուն։
Ծերունին մռայլ քայլերով մօտեցաւ քովէ-քով շարուած դարաններուն։ Կռնակը կորացած էր ծանրութեան տակ այն գիրքերուն, որոնք այլեւս ոչ ոք
կը թերթատէր։ Ան ձեռքը երկարեց  ու  մէկ դարանէն  հանեց մաշած հատոր մը։ Դեղնոտած  էջերը այնքան բարակցած էին, որ կարծէք  մէկ հպում  եւ  արդէն փշրուէին:
– Ո՛չ, տղաս…,- շշնջաց ծերունին,- գիրքերը չեն մեռնիր, մենք պարզապէս կը լքենք զանոնք։ Մարդիկ  երբ կը հեռանան իրենց լեզուէն, կը դադրին երազելէ, իսկ գիրքերը, վիրաւորուած այդ անտարբերութենէն, կը նախընտրեն  մեկուսանալ։ Ասիկա վերջին օրինակն է, որ դեռ կը դիմանայ։
Սեւակ շուրջը նայեցաւ։ Պատին փակցուած  էր հայոց այբուբենի պաստառը։ Տառերը այնքան գունատ էին, որ կարծէք մէկը գաղտնաբար զանոնք ջնջելու փորձ կատարեր էր։
 Լոյսը կայծկլտաց  ու մարեցաւ։ Տիրեց կատարեալ մթութիւն։
Բայց  մութին մէջ  սկսաւ խօսիլ լռութիւնը.  Լսելի դարձան էջերու արագ թերթատում, հեռաւոր շշուկներ,  որոնք աւելի  հեծկլտուք կը յիշեցնէին: Հազարաւոր բառեր յեղակարծ պոռթկումով  կը փորձէին դուրս  գալ իրենց պարտադրուած սահմաններէն ու վարարել….։ Սեւակին սիրտը սկսաւ արագ բաբախել։ Ան փորձեց դէպի դուռը  ուղղուիլ, բայց սենեակը կարծէք անսահման տարածքի մը վերածուած էր։
Սեղանին վրայի  գիրքը  փակուեցաւ՝ հնչեղ ձայնով։ Յետոյ լսուեցաւ կատաղի թերթատումի ձայն, կարծէք անտեսանելի ձեռքեր հապշտապ
կը հաւաքէին մնացած վերջին բառերը:
Լոյսը կրկին վառեցաւ, սենեակը դատարկ էր։ Գիրքը՝ անհետացած։ Բայց սեղանին վրայ հիմա ուրիշ բան մը դրուած էր՝ հնաոճ հայելի մը։
Սեւակ մօտեցաւ ու նայեցաւ հայելիին։ Իր պատկերը հո՛ն էր, մինչ աչքերը տարբեր էին. անոնց մէջ կը կարդացուէին այն բոլոր բառերը, որոնք երբեք չէր կարդացած, այն բոլոր պատմութիւնները, որոնք այլեւս գոյութիւն չունէին թուղթին վրայ։ Գիրքը չէր կորսուած,  այլ պարզապէս տեղակայուած  էր վերջին այցելուին մէջ, որ կը հաւատար անոր գոյութեան։
Լռութիւնը այլեւս ծանր չէր, այլ՝ խորհրդաւոր։
Եւ հիմա հարցում մը.  «Մե՞նք ենք գիրքերը պահպանողները, թէ անոնք են, որ մեր մէջ կը զարթնեցնեն մա՛րդն ու հա՛յը, միանգամայն»։
Սագո Պալապանեան