Եթէ պատասխանը «Այո՛» ըլլար, Օ,՜ ի՜նչ մեծ հպարտութիւն:
Ազգային Հայկազեան վարժարանի աշակերտներս ճեմարանական տարիներուն, հայերէն լեզուի բարձրագոյն նիշերը ապահովելէ ետք, հայերէնաւանդ ուսուցչուհիին գովասանքին համեստաբար կը պատասխանէինք. «Այո՛, մենք Հայկազեանի շրջանաւարտներ ենք»:
Այդ օրերուն ազգային մէկէ աւելի դպրոցներ կային, ու առողջ մրցակցութիւն մը կը տիրէր աշակերտներուս միջեւ, յատկապէս հայերէնի իմացութեան, առաջնակարգ ըլլալու եւ արտադպրոցական աշխատանքներու մասնակցելու առումներով։ Մէկ խօսքով՝ տիպար հայ աշակերտներ ըլլալու համար կը մրցակցէինք։ Թէեւ երբեմն ծայրայեղութեան կ’երթայինք ու մենք մեզ «վերի արտի ցորենը» կը համարէինք՝ այդ տարիքի մեր զգացական մօտեցումներուն բերումով։ Կը յիշեմ՝ պարախումբի, երգչախումբի կամ որեւէ խումբի մը մէջ Հայկազեանի աշակերտութիւնը կը կազմէր «Հայկազեան-ցիներու» խմբակ մը, որուն այլ ազգային վարժարանէ աշակերտ մը, նոյնիսկ հիւրաբար, չէր կրնար մաս կազմել:
Նախակրթարանի օրերուն, միջդպրոցական մրցոյթներուն, թէ՛ աշակերտները եւ թէ՛ ուսուցիչները ճիգ չէին խնայեր վարժարանի աշակերտութեան առաջին դիրքը ապահովելու համար։ Ուսուցիչները հայերէն գիրքեր կարդալ կու տային, կը մարզէին մեզ ասմունքի, ընթերցումի, անսխալ ուղղագրութեամբ գրելու համար։
Այդ ալ աւելցնեմ՝ Հայկազեանի ազնուափայլ մայրերը հպարտանալու իրենց «ոճը» ունէին։ Այստեղ երեւելու մրցակցութիւն մը կը սկսէր…։ Վարժարանի մեծաշուք տօնակատարութիւններուն, ինչպէս օրինակ Մայրերու տօնին, որ կը նշուէր Հալէպի ամենանշանաւոր ճաշարաններէն ներս, նորաձեւութեան «հետեւող» մայրեր, որոնց մեծամասնութիւնը նոյնպէս Հայկազեանի շրջանաւարտ, կու գային ծայր աստիճան պճնուած- զարդարուած՝ իրենց «բազմատաղանդ» զաւակներուն ներկայացումներրը դիտելու:
Մենք՝ աշակերտներս, կը հպարտանայինք «Հայկազեանական» կոչուելով, քանի որ ազգային մեր դաստիարակութիւնը ինքնութեամբ հպարտանալու եւ միշտ սորվելու արժանիքով կ’օժտէր մեզ։
Դպրոցէն ներս օրը կը սկսէինք «Առաւօտ Լուսոյ, Արեգակն Արդար» աղօթքով։ Հայերէնի դասապահերուն ուսուցչուհին կը սիրցնէր նիւթը. կը կարդար եւ կարդալ կու տար հայերէն գիրքեր եւ միասնաբար կը վերլուծէինք անոնց բովանդակութիւնը։ Ուսուցիչները մեր առաջին ուղեցոյցներն էին հայրենասիրութեան, ընթերցանութեան եւ Հայոց պատմութեան իմացութեան։ Կը յիշեմ, երբ մեր տետրակները լեզուական կամ ուղղագրական սխալներով լեցուած ըլլային, ուսուցչուհին կ’ըսէր, թէ արժանի չենք հայ աշակերտ կոչուելու, որովհետեւ մայրենի լեզուն սիրել կը նշանակէ սորվիլ ու յարգել անոր օրէնքները։
Այսպիսի դաստիարակութիւն ստանալով, ինչպէ՞ս կրնայինք անտարբեր մնալ եւ յաւելեալ ինքնաշխատութեամբ մեր գիտելիքները բարելաւելու չձգտիլ։
Ասմունքի, ուղղագրութեան, շարադրութեան, ընթերցանութեան եւ Հայոց պատմութեան մրցոյթներով, ազգային տօներու առիթով թատերական ներկայացումներով, պատմական ակնարկներու պատրաստութեամբ եւ ազգային երգերով, մեր դպրոցները կրցած են մեր մէջ ամրապնդել ազգային արժէքները։ Անոնց բարձրագոյն նպատակը եղած է հայապահպանումը, հետեւելով Ցեղասպանութենէն վերապրողներու տեսիլքին:
Հայկազեանի աշակերտութեան ամենադժուար մարտահրաւէրը այն եղաւ, երբ պատերազմի տարիներուն, ապահովական նկատառումներով ազգային բոլոր վարժարանները միացուեցան Ազգային Կիւլպէնկեան վարժարանին մէջ։ Ստիպուեցանք համակերպիլ ոչ-հայկազեանական աշակերտներու ներկայութեան։ Բայց մեր ակնկալածին հակառակը տեղի ունեցաւ. բաւական համերաշխ տարի մը անցուցինք: Արդար ըլլալու համար յիշեմ, որ հայերէն լեզուին նկատմամբ բծախնդրութիւնս կը պարտիմ այդ տարուան Ազգ. Կիւլպէնկեան վարժարանի հայերէնաւանդ ուսուցչուհիիս, որ իւրաքանչիւրիս մտքին մէջ փորագրեց հայերէնի դժուար քերականութիւնը:
Այս օրերուս, մեր դպրոցներէն ներս շարք մը նախաձեռնութիւններ զանազան պատճառաբանութիւններով կրճատուած են, որուն հետեւանքով ալ հայ աշակերտութեան նկատառելի մէկ մասը դարձած է անտարբեր կամ իր պատկանելիութեան գրեթէ անգիտակից։
Սուրիոյ մէջ կը գործեն մեծ թիւով արդիականացած դպրոցներ, սակայն ինչո՞վ կը տարբերի ՀԱՅ ԴՊՐՈՑԸ միւս դպրոցներէն: Ներկայիս հայկական դպրոցները որքանո՞վ կը ծառայեն իրենց նպատակին այս բարդ ու դժուար պայմաններուն մէջ: Որքանո՞վ կը յաջողին հայ պատանիին մտքին մէջ արմատացնել իր ինքնութեան եւ պատկանելիութեան կարեւորութիւնը, սիրցնել հայերէնը:
Այս բոլոր հարցադրումներուն պատասխանը պիտի արտացոլայ մեր ազգին ու համայնքին ապագային մէջ, երբ ներկայ հայ աշակերտը պիտի ըլլայ ապագայ ղեկավարը, ուսուցիչը, դաստիարակը:
Նահանջը կարելի չէ այլեւս վերագրել պայմաններուն, մարդուժի նուազումին եւ այլ պատճառներու։ Կարելի է վերականգնել որակը արդիական մատչելի միջոցներէն օգտուելով։
Սելա Պազարպաշեան