Վարդգէս (Խաչիկ ԳՉՕ) Վարդանեան, իր ընտանիքով շրջապատուած, խաղաղութեամբ անցաւ յաւիտենական հանգիստի՝ իր ետին թողլով սիրոյ, նուիրումի եւ ջերմութեան մնայուն ժառանգութիւն մը։ Ան ծնած էր 17 Հոկտեմբեր 1943-ին, Սուրիոյ Գամիշլի քաղաքին մէջ,
Անդրէաս եւ Ռոզա Վարդանեան ամոլին զաւակը։ Վարդգէս մեծցաւ իր չորս եղբայրներուն հետ։
Վաղ տարիքէն իսկ ան աշխոյժ մասնակցութիւն կը բերէր իր համայնքի կեանքին եւ կը դառնար յատկանշական մարզիկ մը։ Գամիշլիի մէջ իր երիտասարդական տարիներուն, ան առանձնայատուկ տեղ կը գրաւէր տեղական մարզական կեանքին մէջ՝ մանաւանդ ֆութպոլի ոլորտին մէջ։ Բնատուր ձիրքով, ուժեղ կամքով եւ մրցակցային ոգիով օժտուած՝ ան շատ արագ դարձաւ ուշադրութիւն գրաւող երիտասարդ մարզիկ մը։
Գամիշլիի մէջ ան նաեւ կարեւոր դեր ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի խումբի կազմաւորման եւ յառաջացման մէջ։ Իր եռանդով, կարգապահութեամբ եւ նուիրումով ան դարձաւ այն երիտասարդներէն, որոնք ոչ միայն կը խաղային, այլ նաեւ կը կերտէին թիմային ոգի եւ միասնականութիւն։
Դաշտին վրայ ան կը նկատուէր արագաշարժ, խելացի եւ մարտունակ խաղացող մը, որ խաղը կը դիտէր ոչ միայն որպէս մրցակցութիւն, այլ որպէս ընկերասիրութեան, պատկանելիութեան եւ հաւաքական ոգիի արտայայտութիւն։
Իր անունը շուտով սկսաւ անցնիլ Գամիշլիի սահմաններէն անդին։ Անոր վարպետ խաղը, մարզական կարողութիւններն ու համբաւը հասան մինչեւ հեռաւոր Լիբանան, ուր եւս ան կը ճանչցուէր որպէս խոստմնալից եւ տաղանդաւոր ֆութպոլիստ։
Իր շրջանին մէջ ան դարձաւ ՀՄԸՄ-ի մարզական վերելքի խորհրդանշական անուններէն մէկը։
Իր տարիներու խաղընկերներն ու բարեկամները մինչեւ այսօր սիրով կը յիշեն զինք։ Իր մտերիմ ընկերներէն են՝ լուսահոգի եղբ. Վարդգէս Սիմոնեան, նաեւ եղբ. Գէորգ Կարապետեան եւ եղբ. Զաւէն Գասպարեան. վերջինս այսօր իր ալեհեր տարիքին մէջ կը շարունակէ յիշողութիւններու գանձարանէն վերապրեցնել անցեալի օրերը, յաճախ սիրով կը պատմէ Վարդգէսին մասին։ Ան կը յիշէ զինք որպէս բացառիկ տաղանդով օժտուած մարզիկ մը, բայց նաեւ որպէս կենսուրախ, ընկերասէր եւ ջերմ անձնաւորութիւն մը, որ իր ներկայութեամբ կը ստեղծէր ուրախութիւն թէ՛ խաղադաշտին վրայ եւ թէ՛ անկէ դուրս։ Անոր վկայութեամբ՝ Վարդգէս այնպիսի մարդ մըն էր, որ իր մարդ տեսակով խորումկ հետք ձգած է սրտերուն մէջ բոլոր անոնց, որոնք զինք ճանչցած են։
1974-ին Վարդգէս ներգաղթեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, նախ բնակելով Քալիֆորնիա, ապա Նիւ Եորքը դարձնելով իր մնայուն բնակավայրը։
1977-ին, Վարդգէս Վարդանեանի ներշնչումով եւ առաջնորդութեամբ հիմնուեցաւ Նիւ Եորքի ՀՄԸՄ մասնաճիւղը։
Վարդգէս տարիներ շարունակ անձնուէր ծառայութիւն մատուցեց իր համայնքին՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան (ՀՅԴ) Նիւ Եորքի կառոյցին մէջ ստանձնելով զանազան պատասխանատու պաշտօններ, ծառայելով որպէս մասնաճիւղի ատենապետ եւ երկու շրջաններու ընթացքին՝ Շրջանային Վարչութեան փոխատենապետ։
Ան նաեւ խորապէս նուիրուած սկաուտական առաջնորդ մըն էր, որ առաջնորդեց եւ կազմաւորեց երիտասարդ սերունդներ։ Բացի ատկէ, երկար տարիներ ծառայեց Սուրբ Լուսաւորիչ Հայ Առաքելական Մայր Տաճարի Հոգաբարձուներու Խորհուրդին մէջ։
1976-ին Վարդգէս հանդիպեցաւ իր կեանքին սիրոյն՝ Շագէ Թաղալեանին։ Անոնք ամուսնացան 1979-ին եւ ունեցան երկու սիրասուն դուստրեր՝ Ռոզէթ եւ Նաթալի։
Վարդգէս անձնուէր եւ նուիրեալ ամուսին, հայր եւ իր հինգ թոռներուն ամենահպարտ մեծ հայրն էր։
Ան կը սիրէր նարտի խաղալ, թուղթ խաղալ եւ իր թոռներուն բոլոր ձեռնարկներուն ներկայ գտնուիլ։ Ան խրախճանքներու հոգին էր՝ միշտ երգելով, պարելով, կատակներ ընելով եւ իմաստուն խօսքեր բաժնելով։
Անոր ընտանիքին եւ հայկական համայնքին հանդէպ ունեցած հաւատարմութիւնն ու նուիրումը պիտի շարունակեն ապրիլ։
Յակոբ Պարսումեան