Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեան անցնող շաբաթավերջին մեկնեցաւ Տէրիք՝ ժողովուրդին հետ ըլլալու եւ յիշատակելու Հոգեգալստեան տօնն ու Հայաստանի Հանրապետութեան կերտման 108-ամեակը։

Այդ առիթով, Կիրակի, 24 Մայիս 2026-ին, Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդին ձեռամբ, Տէրիքի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ս. եւ Անմահ Պատարագ։

Հայր սուրբը քարոզի ընթացքին ժողովուրդին բացատրեց Հոգեգալստեան տօնին իմաստը, ինչպէս նաեւ անոնց ուշադրութեան յանձնեց Ս. Հոգւոյ ներգործութեան եւ ներկայութեան կարեւորութիւնը՝ պատուիրելով հաւատացեալներուն, որ այս գիտակցութեամբ դաստիարակեն իրենց զաւակները։ Ապա աղօթեց, որպէսզի Ս. Հոգին ընդմիշտ ներկայ ըլլայ մեր կեանքին մէջ եւ Իր առատաբուխ շնորհքները հեղու մեր վրայ՝ մեզ դարձնելով ճշմարիտ Քրիստոսի հետեւորդներ։

Հայր սուրբը նաեւ խնդրեց Ս. Հոգւոյ պաշտպանութիւնն ու մխիթարութիւնը համայն ժողովուրդի կեանքին մէջ։
Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ Ջուրօրհնէք, ապա Տէրիքի ՀՄԸՄ-ի սկաուտները Ս. Խորան բերին Հայաստանի Հանրապետութեան դրօշը, որ օրհնուեցաւ Ս. Խաչով եւ Աւետարանով։