ՍՕ Խաչի Շրջ.Վարչութեան Դաստիարակչական Յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, Երեքշաբթի, 6 Մայիս 2026-ի յետմիջօրէի ժամը 4։30-ին, ԱՄԺ Տան «Լ.Շանթ» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ «Հայերը Հալէպի Մէջ» խորագրով դասախօսական ձեռնարկը։
Ձեռնարկին ներկայ էին՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեան, Պատկան Մարմինի, Ազգ. իշխանութեան, ՍՕ Խաչի Շրջ. Վարչութեան, հայրենակցական միութիւններու ներկայացուցիչներ, ՍՕ Խաչի նստավայրի մասնաճիւղերու վարչութիւններ, խաչուհիներ եւ հրաւիրեալներ։
Օրուան հանդիսավար՝ Դաստիարակչական Յանձնախումբի անդամ Մարալ Գալայճեան-Սեմէրճեան ներկաները հրաւիրեց ՀՕՄ-ի եւ ՍՕԽ-ի զոյգ քայլերգներով սկսելու ձեռնարկը։ Ապա հրաւիրեց յանձնախումբի ատենապետուհի Զեփիւռ Մուղալեանը բացման խօսքը արտասանելու։
Մուղալեան նկատել տուաւ, որ հայութեան ներկայութիւնը եւ մշակութային, ընկերային ու համայնքային կեանքը կը յուշեն անոր կարեւոր դերը եւ հայկական մեր ժառանգութեան իրազեկ դառնալու ու անոր տէր կանգնելու կարեւորութիւնը։
Ան իր խօսքի աւարտին կոչ ուղղեց տէր կանգնիլ ի գին բազում զոհողութիւններու կերտուած մեր համայնքին, անոր աւանդութիւններուն, այն հաստատ համոզումով, որ հաւաքական մեր կեանքն ու աւանդոյթները մեզ պահեցին պատմութեան տարբեր արհաւիրքներուն դիմաց։
Յայտագիրը կ’ընդգրկէր նաեւ հայկական գաւառներու բարբառներու ներկայացումը։ Ուստի յանձնախումբի անդամները յաջորդաբար ներկայացուցին` Մշոյ, Տիգրանակերտի, Կարմուճի, Մարաշի, Ուրֆայի եւ Մալաթիոյ բարբառները, օրհներգները, առածները եւ ասացուածքները։
Օրուան դասախօս Ժիրայր Րէիսեան նեկայացուց «Հայերը Հալէպի Մէջ» խորագրով դասախօսութիւնը։
Ան նախ հակիրճ բացատրութիւն մը տուաւ “Հալէպ” բառի ծագումին շուրջ։ Ապա նկարներու ցուցադրութեամբ լայն գիծերու մէջ անդրադարձաւ Հալէպի պատմութեան, յատկապէս հայերուն Հալէպ հաստատման օրէն մինչեւ մեր օրերը։
Ան անդրդադարձաւ՝
Ա. 15-18-րդ դարերու ընթացքին մետաքսի ճամբու կարեւորութեան, որ դարձաւ ուշագրաւ երեւոյթ եւ տնտեսական կարեւոր ազդակ։
Բ.Առեւտուրի ճամբուն․ Հալէպը դարձաւ Արեւելքն ու Արեւմուտքը կամրջող հիմնական հանգուցակէտը։
Գ. Բազմաթիւ արհեստներու, որոնք Հալէպ բերուած էին այդ շրջանին հաստատուող հայերու ճամբով, ինչպէս` կաշեգործութիւնը, դերձակութիւնը։ Արհեստի բերումով շարք մը հայ ընտանիքներու մականունները ճշդուած էին, ինչպէս օրինակ` Թերզեան, Տապպաղեան եւ այլն։
Բանախօսը արհեստներէն յիշեց նաեւ հացագործութիւնը, մսագործութիւնը, պղնձագործութիւնը, գորգագործութիւնը, ոսկերչութիւնը եւ արծաթագործութիւնը։
Դ. Հալէպի հայրենակցական միութիւններու, որոնք հսկայական աշխատանք տարած են կարիքաւորներուն նպաստելու, պատրաստած են յուշամատեաններ եւ պահած են իրենց աւանդութիւնները։
Րէիսեան դասախօսութեան աւարտին յիշեց նաեւ, Սուրիական կառավարութեան մէջ հայութեան ունեցած տարբեր շրջաններու 3 նախարարներ , իսկ 1928-էն խորհրդարանէն ներս ունեցած20 Հալէպահայ երեսփոխաններ, ինչպէս նաեւ Տեղական Ինքնակառավարման մարմիններու մէջ 24 հալէպահայեր։
Բանախօսութենէն ետք, ՍՕ Խաչի Շրջ. Վարչութեան ատենապետուհի Զեփիւռ Գէորգեան շնորհակալութիւն յայտնելով բանախօսին աւելցուց, որ նման ձեռնարկներ առիթ կուտան լաւապէս ըմբռնելու մեր պատմութիւնը եւ մշակոյթը, ինչպէս նաեւ Հալէպի հայ համայնքին դերը սուրիական կեանքէն ներս։ Ան կարեւոր համարեց համայնքի պատմութեան փոխանցումը ապագայ սերունդներուն։
Ապա դաստիարակչական յանձնախումբի ատենապետուհին Շրջանային Վարչութեան ատենապետուհիին հետ խորհրդանշական յուշանուէր մը յանձնեց դասախօսին։
Աւարտին հանդիսավարը նկատել տուաւ, որ Հալէպի մէջ կը շարունակուի հայօրէն ապրելու երթը, ի պատիւ հալէպահայ կեանքին իրենց բաժինը բերող կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու հաւաքական ու միասնական աշխատանքին։ Ապա աւելցնելով ըսաւ, որ հակառակ դժուարին պայմաններուն, տակաւին մեր եկեղեցիներու զանգերը կը ղօղանջեն, մեր դպրոցներն ու միութիւնները կը գործեն աշխուժօրէն։
Աւարտին Բերիոյ Հայոց Թեմի առաջնորդը իր սրտի խօսքը ուղղեց, շնորհաւորեց ձեռնարկը կազմակերպողները եւ շեշտեց, որ հալէպահայ համայնքի պատմութիւնը հպարտութիւն կը ներշրնչէ։ Հալէպահայութիւնը իր լաւագոյնը տուած է իր ծննդավայրին, անոր մէջ աճած ու զարգացած՝ իր ներդրումը, իր քրտինքը շաղախելով այս քաղաքին, նոյնիսկ արիւնը նուիրաբերելով Հալէպին։
«Հայը նկարագրով ստեղծագործ ժողովուրդ է, ժայռէն հաց հանող ժողովուրդ է, ժայռը կենդանութեան փոխակերպող ժողովուրդ է, վկայ մեր խաչքարերը, վկայ Գեղարդը եւ այլ կառոյցներ։ Հայը աստուածային դրոշմ ունի իր հոգւոյն մէջ, որմով հպարտ պիտի ընթանայ ու անցեալը ներկային շաղկապելով ապագան կերտէ, ստեղծագործէ ու իր տեսիլքին իրագործման ձգտի ամէն ժամանակներու մէջ», եզրափակեց սրբազան հայրը։
Ձեռնարկը փակուեցաւ Սրբազան Հօր «Պահպանիչ» աղօթքով։
Սրահէն ներս զետեղուած էին օրուան խորհուրդը ներկայացնող Հալէպի արժէքաւոր իրեր, տրամադրուած անհատներէ, ինչպէս նաեւ յուշամատեաններ, լուսանկարներ եւ տարազներ, տրամադրուած Հալէպի հայրենակցական միութիւններէ։
Ներկաները շրջելով դիտեցին ցուցադրուած իրերն ու գիրքերը։ Տեղի ունեցաւ նաեւ կոկիկ հիւրասիրութիւն՝ հայկական Կաթա եւ սուրճ։ Ձեռնարկի մասնակիցները տպաւորուած մեկնեցան սրահէն։
Գարօլին Քիւրքլեան-Արոյեան