ՀովանաւորութեամբԲերիոյ Հայոց Թեմի Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի, կազմակերպութեամբ ՍՕԽ-ի «Արցախ» մասնաճիւղի վարչութեան եւ խմբապետական կազմին, Ուրբաթ, 16 Մայիս 2026-ի երեկոյեան, «Սիմոնիտըս» Ճաշարանէն ներս տեղի ունեցաւ Համբարձման տօնին նուիրուած տօնախմբութիւն, ներկայութեամբ թաղականութեան ներկայացուցիչին, ՍՕԽ-ի շրջանային վարչութեան անդամ բժշկհ. Մարի Մելքոնեան Պետրոսեանի եւ հոծ բազմութեան։
Բացման խօսքեր արտասանուեցան։ Հայերէնով հանդէս եկաւ մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Հուրի Փաշայեան-Սարգիսեան, իսկ արաբերէնով վարչութեան անդամ Անի Օհանեան։
Խօսքերը մեկնաբանեցին Համբարձման եկեղեցական եւ ժողովրդական ծէսերը։ Նշուեցաւ որ. «Համբարձման տօնը Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ շարժական տօներէն մէկն է, զոր կը նշենք Ս. Յարութեան տօնէն 40 օր ետք, Հինգշաբթի օր, եկեղեցական հանդիսութիւններէն ետք։ Տարածուած սովորութիւն էր շարունակել տօնը հետեւելով ժողովրդական աւանդութիւններուն։
Համբարձման տօնը յայտնի է նաեւ որպէս վիճակ, կաթնապուրի տօն։ Այդ օրը արգիլուած էր արիւն յեղել։ Ծաղիկներով կը զարդարէին գառնուկի, կաթնտու կովի եւ եզան պարանոցը, իբրեւ մատաղ»։
Այնուհետեւ ներկաներուն բաշխուեցան մոմէ ծաղիկներ, որոնց կցուած էին վիճակի քառեակներ։
Իսկ յայտագիրի գլխաւոր բաժինը երիտասարդ աղջիկներու վիճակաձգութիւնն էր։ Կուժի մէջ ծաղիկներ դրուած էին, իւրաքանչիւր աղջիկ իրեն պատկանած իրը նետեց անոր մէջ, ապա վիճակ քաշելով բախտաւոր աղջկայ իրը ցոյց տալով, անոր գեղեցիկ նուէր տրուեցաւ, իսկ մնացեալ աղջիկներուն յուշանուէրներ բաշխուեցան։
Հոգեշնորհ հայր սուրբը իր հայրական օրհնութիւնն ու խօսքը ուղելով ըսաւ. «Համբարձումը բնութեան բեղունութեան ու արբունքի, բուսականութեան աճի տօն է, ինչպէս նաեւ սիրոյ եւ երիտասարդութեան տօն է: Անցեալին այդ օրը երիտասարդ աղջիկներուն կը թոյլատրուէր ազատ դուրս ելլել դէպի դաշտերը, երգել եւ հաստատել ծանօթութիւններ, որոնք յաճախ ճակատագրական էին իրենց կեանքին մէջ։ Այսօր արդիականացած է ամէն ինչ, ծանօթութիւններու միջոցները զարգացած են, սակայն կառչելով մեր արմատներուն եւ հաւատարիմ մնալով մեր աւանդութիւններուն կը շարունակենք պահել զանոնք եւ սերունդէ սերունդ փոխանցել։
Այսօր համախմբուած ենք բոլորս յիշատակելու Համբարձման տօնը, որուն առիթով բարեբեր տարի կը մաղթեմ, յաջող եւ բախտաւոր կեանք մեր երիտասարդներուն։
Բարձրօրէն կը գնահատեմ ՍՕԽ-ի «Արցախ» մասնաճիւղը, որ կը պահէ հայկական աւանդութիւնները եւ շքեղ տօնախմբութիւններով կը նշէ զայն։ Ուժ եւ կորով իրենց նուիրեալ աշխատանքին»:
Ապա տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւն եւ համեղ հիւրասիրութիւն, որմէ ետք երեկոն շարունակուեցաւ DJ KEGHART- ի խանդավառ երգերով։
Բժշկհ. Մարի Մելքոն