Երկուշաբթի, 18 Մայիս 2026-ին, տեղի ունեցաւ Լաթաքիոյ Աւետարանական եկեղեցւոյ կազմակերպած միջեկեղեցական պասքեթի մրցաշարքին եզրափակիչ խաղը։
Սոյն մրցաշարքին, իր մասնակցութիւնը բերաւ Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ նորակազմ «Մասիս» խումբը, որ շարունակ յաղթանակներէ ետք արժանացաւ եզրափակիչ խաղի մասնակցութեան եւ դարձաւ ախոյեան։
Լաթաքիահայութիւնը պիտի մնայ հայ մարզիկին քաջալեր թիկունքը։
Նայիրի Պետրոսեան
Լաթաքիա