Նախաձեռնութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանին, կազմակերպութեամբ՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Լսարանի յանձնախումբին, ղեկավարութեամբ՝ հոգեւոր Լսարանի ատենապետ՝ Արժ. Տ. Մաշտոց Ա. Քհնյ. Արապաթլեանին եւ մասնակցութեամբ՝ Արժ. Տ. Նարեկ Ա. քհնյ. Զերենցեանին, Հինգշաբթի, 14 Մայիս 2026֊ին, տեղի ունեցաւ միօրեայ ուխտագնացութիւն դէպի Եագուպիէ։ Ուխտագնացութեան գնացքը կ՚ուղղէր Տիկ. Մարալ Թիւթիւնճեան-Գազէզեան։

43 ուխտաւորներու առաջին հանգրուանն էր «Արիհա»ն, ուր հիւրասիրուելէ ետք ուղղուեցան դէպի Եագուպիէ։ Եկեղեցւոյ իւրայատուկ զանգակի ղօղանջին հրաւէրով մուտք գործեցին Ս. Աննա եկեղեցի, ուր պատարագեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Արժ. Տ. Մաշտոց Ա. Քհնյ. Արապաթլեան, բնաբան ունենալով Համբարձման տօնը։ Ապա, Հռիփսիմեանց եկեղեցւոյ մէջ Տէրունական աղօթքի եւ շարականներու երգեցողութիւն կատարուեցաւ։
Յաջորդ հանգրուանն էր Եագուպիէի կից «Ղընէիէ» գիւղը եւ Լատինաց «Մար Եուսէֆ» եկեղեցին, որուն շքեղ կառուցուածքը ուշագրաւ էր։ Անոր ընդարձակ ատեանին մէջ «Տէր Ողորմեա՛»ն տպաւորիչ ազդեցութիւն ունեցաւ ուխտաւորներու հոգիներուն վրայ, մանաւանդ, որ սոյն շարականի բացատրողականի եւ զօրութեան մասին բաւական առատ գիտելիքներ փոխանցած էր Արժ. Տ. Մաշտոց հանրակառքին մէջ։
Ուխտագնացութեան վերջընթեր հանգրուանը «Տարգուշ»ի նշանաւոր «Պաուապէթ Տարգուշ»ն էր, ուր ուխտաւորները ճաշեցին Որոնդէս գետին եզրին գտնուող ճաշարանին մէջ, վայելելով բնութեան թովիչ գեղեցկութիւնը, ապա փափաքողները նաւակներով պտոյտ կատարեցին։
Հոգեւոր Լսարանի յանձնախումբի անդամները հրամցուցին ճոխ գիտելիքներ Համբարձման տօնին հետ առնչուած՝ պատմական եւ մեր աւանդոյթներուն մասին, առ այդ կատարուեցաւ վիճակահանութիւն, ընտրուեցաւ օրուայ բախտաւորը, ետքը քաշուեցաւ Համբարձումը յատկանշող աւանդական վիճակը։
Վերջին հանգրուանն էր «Տանա»ի «Ղայտաք Մոլ»ը եւ գնումներու յատկացուած ազատ ժամը։
Հալէպ վերադարձին ուխտաւորները խորին շնորհակալութիւն յայտնեցին Լսարանի անդամներուն եւ հոգեւոր հովիւին մտայղացումին եւ կատարելագործման բծախնդիր աշխատանքին համար, նաեւ Տիկ. Մարալ Թիւթիւնճեան-Գազէզեանին, որ ճամբորդութեան իւրաքանչիւր հանգրուանին այդ շրջանի պատմական գիտելիքները փոխանցելով հարստացուց ուխտաւորներուն մտաւոր պաշարը։

Ուխտաւոր մը