Տնօրինութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանին, հովանաւորութեամբ՝ Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդին եւ կազմակերպութեամբ՝ Քեսապի Ս.Օ.Խ.-ի «Մեղրի» մասնաճիւղի վարչութեան, Կիրակի, 17 Մայիս 2026-ին, տեղի ունեցաւ ուխտագնացութիւն դէպի Եագուպիէի Ս.Աննա մատուռ։
Օրը սկսաւ Տէրունական աղօթքով եւ Հոգշ. Տէր Եսայի Վրդ. Էօրտէքեանի օրհնութեան աղօթքով, որմէ ետք ուխտաւորները մեկնեցան դէպի Եագուպիէ, ուր տեղւոյն հայրենակիցները ջերմ ընդունելութեամբ դիմաւորեցին ուխտաւորները, ապա
Ս. Աննա ուխտատեղի-մատրան մէջ Հայր Սուրբը մատուցեց Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ։
Պատարագէն ետք, ուխտաւորները այցելեցին Եագուպիէի Ս. Հռիփսիմէ եկեղեցի, ուր «Տէր Ողորմեա՛»ն երգեցին եւ ծանօթացան անոր պատմականին, ապա սիրոյ սեղանի շուրջ միասնաբար ճաշեցին Որոնդէս գետի ափին գտնուող «عين السبخة» ճաշարանէն ներս։
Այս հոգեպարար ուխտագնացութեան վերջին այցելութիւնը եղաւ Գնեյէ գիւղի վանքը։