Շաբաթ, 23 Մայիս 2026-ին, Ս.Օ.Խաչի Շրջանային Վարչութեան “Կակաչ” մանկամսուրի Յանձնախումբը հիւրընկալեց մանկամսուրի ծնողները Ընկերաբժշկական Կեդրոնի “Գոհարիկ Համալեան ” սրահէն ներս, դասախօս ունենալով Մեղեդի խալոյեանը։
Յայտագիրը սկսաւ յանձնախումբի ատենապետուհի Շուշիկ Պէրպէրեանի բարի գալուստի խօսքով, ապա Սեւան Իսրայէլեան ներկայացուց դասախօսին մասին հակիրճ տեղեկութիւն։ Դասախօսութեան ներկայ էին մանկամսուրի ծնողներն ու Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ Սոնա Տարաքճեան։

Դասախօսութիւնը սկսաւ մանուկներու ներաշխարհը ծանօթացնող հաճելի խաղով մը, ուր ներկայ ծնողներուն թելադրուեցաւ տարուան եղանակներուն նմանցնել այսօրուան իրենց իրավիճակը։ Ծնողները մասնակից դարձան զրոյցին, կարեւորելով շրջապատի ազդեցութիւնը փոքրիկներու ներաշխարհին վրայ։

Դասախօսութեան աւարտին, յանձնախումբը շնորհակալութիւն յայտնեց հիւր դասախօսին յուշանուէրով մը, որմէ ետք մեր փոքրիկները ծափողջոյններով ու երգերով միացան անոնց, մասնակցեցան գեղեցիկ խաղի մը եւ ստացան Ս.Օ.Խաչի Շրջանային Վարչութեան կողմէ նուէր մը, որ պատրաստուած էր Ս.Օ.Խաչի աշխատանոցէն ներս։ Ապա անոնք մամաներուն նուիրեցին ձեռային մը, պատրաստուած Մանկամսուրի Յանձնախումբին կողմէ։