Գոյութիւն ունի տեղեկութիւն, թէ 26 Մայիսին Պաքուի մէջ տեղի պիտի ունենան որոշ հայ գերիներու վերաքննիչ բողոքներու հարցով դատական լսումները: Այս մասին «24Նիուզ»-ին ըսած է Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին մէջ հայ գերիներու շահերու պաշտպան, փաստաբան Սիրանուշ Սահակեան:
«Պաքուի մէջ պահուող 15 գերիներուն վերաբերող դատավճիռներ բողոքարկուած են, սակայն քանի որ գործած են հանրային պաշտպանները, որոնց նկատմամբ պատշաճ վստահութիւն չկայ, տեղեակ չենք, թէ որո՛ւ բողոքը վարոյթ ընդունուած է, սակայն կը կարծենք, որ դատավարութեան սկսելէն ետք պիտի տեղեկանանք», նշած է Սահակեան:
Իրաւապաշտպանը նաեւ յայտնած է, որ ստեղծուած է կացութիւն մը, ուր մենք որեւէ կարելիութիւն չունինք հաւաստի տեղեկութիւն ստանալու: