18 Մայիսին Hraparak TV-ի զրոյցի ընթացքին, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Տարօն Տէր Խաչատուրեան անդրադարձած է Հայաստանի մէջ 7 Յունիսին տեղի ունենալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն, Սփիւռքի՝ հայրենիքի դրութեան առնչուող մտահոգութիւններուն, պաշտօնական Երեւանի վարած ապազգային քաղաքականութեան հետեւանքով Հայաստանի առջեւ ծառացած նոր մարտահրաւէրներուն, 4-5 Մայիսի եւրոպական ղեկավարութեան՝ Երեւանի մէջ կազմակերպած ցուցադրական արարքներուն եւ այլ հարցերու:
Խօսելով Սփիւռքի՝ Հայաստանի հարցին ունեցած դիրքորոշման մասին՝ Տարօն Տէր-Խաչատուրեան մասնաւորապես նշած է. «Սփիւռքը չափազանց մտահոգ է Հայաստանի մէջ վերջին տարիներու գործընթացներով: Կը տեսնենք, որ 2018 թուականէն ի վեր հայրենիքը կը գահավիժի: 44 օրեայ պատերազմ, Արցախի հայաթափում, Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ դէմ պայքար, Հայաստանի ապահովութեան խնդիրներու անտեսում, ինքնիշախնութեան առնչուող տագնապներ, արցախահայութեան հանդէպ սերմանուող ատելութիւն, ինքնութեան հարցերու նսեմացում: Սփիւռքի ջախջախիչ մեծամասնութիւնը կ’ակնկալէ, որ 7 Յունիսին իշխանափոխութիւն տեղի ունենայ եւ 8 Յունիսին ունենանք կառավարութիւն, որ տէր պիտի կանգնի մեր իրաւունքներուն, ինքնութեան եւ առանց զիջումներու, առանց մեր անցեալը մոռնալու լեզու պիտի գտնէ հարեւաններու հետ ու վերջապէս յառաջ կը մղէ հայկական օրակարգը»: