ԵԱՀԿ Խորհրդարանական Վեհաժողովի դիտորդական պատուիրակութեան ղեկավար Ժեւրոսիմա Փեյովիչի 22 Մայիսին հիւրընկալուած է Հայաստանի Կեդրոնական Ընտրական Յանձնաժողովին կողմէ։ Առաքելութիւնը յառաջիկայ ընտրութիւններուն Հայաստան գործուղած է շուրջ 100 դիտորդ։

Փելովիչի ծանօթացած է ընտրութիւններուն ընդառաջ յանձնաժողովի նախապատրաստական աշխատանքներուն։