Ուրբաթ առաւօտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան դիմակաւորուած աշխատակիցներ «Մայր Հայաստան» կուսակցութեան գրասենեակին մէջ քննչական գործողութիւններ կատարած են, այդ գործողութիւններուն ներկայ գտնուած է նաեւ կուսակցութեան նախագահ, «Բարգաւաճ Հայաստան»-ի նախընտրական ցուցակի երկրորդ դէմքը՝ Անդրանիկ Թեւանեան:
«Մայր Հայաստան» կուսակցութեան գրասենեակը խուզարկելէ ետք իրաւապահները սկիզբը թոյլ չեն տուած, որ Թեւանեան հետիոտն քալէ դէպի քիչ մը հեռու գտնուող իր տունը: Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան աշխատակիցները պնդած են, որ իրենց ինքնաշարժով տանին զինք, եւ միայն փաստաբանի եւ Թեւանեանի դիմադրութենէն ետք ծառայութեան դիմակաւորուած աշխատակիցները թոյլ տուած են, որ ան քալելով հասնի տուն:
Քննչական Կոմիտէի աշխատակիցները խուզարկութիւններ կատարած են նաեւ Թեւանեանի տան մէջ:
Քանի մը օր առաջ, Քննչական Կոմիտէն հաղորդած էր, որ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան ցուցակով առաջադրուած պատգամաւորի թեկնածու Անդրանիկ Թեւանեանի առնչութեամբ պետական դաւաճանութեան եւ լրտեսութեան առերեւոյթ դէպքի առիթով վարոյթ յարուցուած է: Ըստ Քննչական Կոմիտէին, Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան ընտրական ցուցակի երկրորդ համար Անդրանիկ Թեւանեան «2024-ի ընթացքին հաւաքագրուելով օտարերկրեայ յատուկ ծառայութիւններու կողմէ, «Ռուսիա Կովկաս» աշխարհաքաղաքական կեդրոնին մէջ տնօրէն հանդիսացող` օտարերկրեայ յատուկ ծառայութիւններու ներկայացուցիչի յանձնարարութեամբ նոյն ժամանակահատուածին կատարած է լրտեսութիւն, ինչպէս նաեւ ապօրինի կերպով հաւաքած եւ առանձնապէս խոշոր չափերու` 622 հազար տոլարի գումարի դիմաց վերջինիս փոխանցած է պետական գաղտնիք պարունակող` Ապրիլ 2024-ին Ազգային ժողովի փակ, գաղտնի նիստին տեէի ունեցած լսումներու արդիւնքներուն վերաբերեալ ռուսերէն թարգմանուած տեղեկութիւններ»:
Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան դիմակաւորուած անձեր երէկ ուշ գիշերով ձերբակալած են Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան անդամ Անդրանիկ Թեւանեանը: