Վատիկան կատարած իր քառօրեայ պաշտօնական այցելութեան ծիրէն ներս, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի եւ
Լիբանանի հանրապետութեանց դեսպաններուն հետ:
Լիբանանի նորանշանակ դեսպանը Վեհափառ Հայրապետին այցելեց իր իջեւանած Վատիկանի պաշտօնական հիւրերու յատուկ հիւրանոցին մէջ:

Նորին Սրբութիւնը իր պատուիրակութեամբ այցելեց Վատիկանի մօտ Հայաստանի դեսպանատուն:

Ապա, Վեհափառ Հայրապետը իր շքախումբով այցելեց Սուրբ Պետրոս առաքեալի եւ Ֆրանսիս Պապի գերեզմանները, ինչպէս նաեւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ հայրապետի եւ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի արձաններուն: Յիշեալ այցելութիւնները, որոնց ընթացքին կատարուեցան աղօթքներ եւ շարականի երգեցողութիւն, հոգեւոր խորհրդածութեան եւ խոր յարգանքի պահեր հանդիսացան:

Նորին Սրբութեան նաեւ այցելեցին Վատիկանի զանազան բաժանմունքներու նախկին պատասխանատուներ եւ խորհրդակցութիւններ ունեցան ընդհանրապէս միջ-եկեղեցական հարցերու եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ու Վատիկանի յարաբերութեանց մասին: