26 Մայիսին Հայաստան կը ժամանէ Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար (արտաքին գործոց նախարար) Մարքո Ռուպիո։
Գերատեսչութեան փոխանցումին համաձայն, տեղի պիտի ունենայ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Մարքո Ռուպիոյի հանդիպումը, որմէ ետք նախարարները հանդէս պիտի գան մամլոյ ասուլիսով:
«Արմէնփրէս» ի համաձայն, ծրագրուած է երկկողմ փաստաթուղթերու ստորագրութիւն: Գերատեսչութենէն չեն մանրամասնած, թէ ի՛նչ փաստաթուղթերու մասին է խօսքը:
Նախօրէին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարած էր, որ յառաջիկային պիտի սկսին TRIPP-ի շինարարական աշխատանքները:
«Յառաջիկային մենք Միացեալ Նահանգներու հետ պիտի ստորագրենք TRIPP նախագիծի իրագործման արդէն վերջնական պայմանագրութիւնը, պիտի իրագործենք զայն, որուն հետեւանքով Հայաստանի Հանրապետութիւնը արդէն ոչ թէ տեսականօրէն, այլ բառիս բուն իմաստով պիտի դառնայ խաղաղութեան խաչմերուկ», ըսած էր Փաշինեան:
Հայաստանի անկախացումէն վերջ, առաջին ամերիկացի արտաքին գործոց նախարարը, որ այցելած է Հայաստան, Ճէյմս Պէյքըրը եղած է. այցելութիւնը տեղի ունեցած է 12 Փետրուար 1992-ին: