Սուրիոյ խորհրդարանի Ընտրական Բարձրագոյն Յանձնաժողովը պաշտօնապէս հրապարակեց Հասիչէի, Գամիշլիի եւ Արաբունարի ընտրատարածքներու երեսփոխաններուն անունները։ Յանձնաժողովին համաձայն, քուէարկութեան մասնակցութեան համեմատութիւնը անցած է 95 առ հարիւրը։ Յանձնաժողովի բանբեր Նուար Նաժմէ յայտնեց, թէ «Քուէատուփերու փակումէն եւ ձայներու անմիջական հաշուարկէն ետք, ընտրուած են տասնեակ մը թեկնածուներ, իսկ դատական առարկութիւններու դռները բաց պիտի մնան մինչեւ Երկուշաբթի իրիկուն»։
Իր կարգին, յանձնաժողովի անդամ Անաս Ապտէ շեշտեց, որ այս ընտրութիւնները դրական երկխօսութեան եւ համաձայնութեան արդիւնք են։ Սուրիոյ բոլոր շրջաններուն մէջ երեսփոխաններու վերջնական ընտրութիւններու պաշտօնականացումէն եւ Հանրապետութեան նախագահին կողմէ նշանակովի անդամներու յայտարարումէն ետք, խորհրդարանը պիտի գումարէ իր անդրանիկ նիստը։