Կարելի չէ պատկերացնել, թէ նախամարդը երբ առաջին անգամ բան մը ստեղծեց, որքան հետաքրքրական եւ արժէքաւոր թուեցաւ իր գործը։ Ան կը գծէր մատներով, եղէգնեայ վրձիններով, կամ մորթի կտորներով։ Ժայռերուն վրայ կը փորագրէր քարէ գործիքներով, խողովակներով ներկ կը փչէր եւ ձեռքերուն վստահելով փայտէ տախտակներու, կաւէ սալիկներու , մագաղաթի, թուղթի ու կտաւի վրայ (canvas) արուեստ կը ստեղծէր։
Ներկայիս արուեստի գործ ստեղծելը դուրս եկած է դասական հասկացութեան սահմաններէն: Պայման չէ նիւթի օգտագործումը: Հիմա մարդիկ կը գծեն պաստառներու (screens) վրայ՝ օգտագործելով թուային գրիչներ, որոնց միջոցաւ շատ իւրայատուկ բաներ կը ստեղծագործեն։
Արուեստի հետ ծանօթացման ճամբուս ընթացքին, համալսարանի վերջին տարիս էր, երբ արմատական փոփոխութիւն մը տեղի ունեցաւ արուեստի աշխարհին մէջ. Ծնունդ առաւ գործիք մը, որ մարդուն ըսաւ. «Ես ստեղծած գործդ, գեղեցիկ պատկերներդ,և որոնք քեզմէ օրեր, շաբաթներ, երբեմն ամիսներ կը պահանջեն մէջտեղ գալու համար,և կրնամ իրականացնել ընդամէնը հինգ երկվայրկեանի մէջ»։
Ի՞ՆՉ…
Բայց ի՞նչ եղաւ այն դարերուն, որոնց ընթացքին մարդը փորձով սորվեցաւ, զարգացուց եւ կատարելագործեց մտքին հետ իր ձեռքերուն ճարտարութիւնը. ժայռապատկերներէն մինչեւ թուայինը երկար ճամբայ է: Այսօր ի՞նչ չափանիշերու հիման վրայ կը գնահատուի, արժէք կը տրուի այս կամ այն արուեստի դպրոցին, արուեստագէտներու գործերուն, արտայայտման այլազան միջոցներուն:
Այո՛, ԱրԲանը (արուեստական բանականութիւնը) զօրաւոր գործիք մըն է, զոր կրնանք օգտագործել եւ պէտք է օգտուինք անոր առաւելութիւններէն։ Բայց կը մնայ գործիք մը, որ չունի բնաւորութիւն, կարծիք, պատկանելիութիւն ու զգացումներ… բաներ, որոնք յատուկ են մարդուն: Չունի մատնահետք: Իսկ մենք իսկապէս իւրայատուկ ենք. Թէեւ ներկայիս աշխարհի վրայ ութը պիլիոն մարդ կ’ապրի, բայց իւրաքանչիւրը ունի իր մատնահետքը։
Անկասկած, հա՛րկ է օգտուիլ ԱրԲանէն, սակայն ճշդելով սահմաններ: Որովհետեւ եթէ ամէն ինչի մէջ նորագիւտ նշուած գործիքին վստահինք, ակամայ չենք կրնար ունենալ բաւարար համարձակութիւն՝ արտայայտելու մեր կարծիքը, կը նահանջենք մարդկային մեր յարաբերութիւններուն մէջ եւ
կը մեկուսանանք։
Եկէ՛ք այս արհեստական աշխարհին մէջ չմոռնանք մարդ արարածի եւ մարդկայինի գեղեցկութիւնը. բնաւ չմոռնանք որ կարեւորը միայն ստեղծագործութեան եւ արուեստին արդիւնքը չէ, այլեւ՝ ընթացքը։ Chat gpt-ն չի կրնար փոխարինել մեր մտերիմներուն եւ ընկերներուն հետ ունեցած ջերմ եւ հարուստ զրոյցները։ Gemini-ը չի կրնար արտայայտուիլ քու յատուկ ոճովդ, եթէ նոյնիսկ կատարեալը ներկայացնէ՝ օգտուելով մարդոց այն գործերէն, որոնք համացանցի վրայ են։ Չմոռնանք՝ մարդը իր թերութիւններով հանդերձ արժէքաւոր է, որովհետեւ թերութիւնները եւս մեր բնաւորութենէն ու մարդկայնութենէն մաս մըն են։
Անի Պօղիկեան