Նախաբան։ Այս հարցումներով կը ներկայացնենք բանավէճի յատուկ նիւթ մը, որպէսզի միասին խօսինք մեր առօրեային մէջ տիրող երեւոյթի մը մասին։ Չենք ուզեր սովորական կամ «կրկնուած» պատասխաններ լսել, այլ՝ թափանցել հարցերուն խորքը։ Մեր նպատակը «ճիշդ» պատասխան մը պարտադրելը չէ։ Ընդհակառակը.  կը հաւատանք, որ  կարծիքներու տարբերութիւնը հարստացնող է։   Ձեր  կարծիքները պիտի ամփոփուին եւ հրատարակուին «Նոր Երթ»-ի յաջորդ թիւին
մէջ։
Բաժին 1. Հիմնական Նիւթ
1. Հարցում. Յաճախ մանուկներն ու պատանիները մէկէ աւելի զբաղումներու կը հետեւին,   օրինակ՝ երաժշտութիւն, պար, մարզանք, նկարչութիւն կամ ճատրակ։ Ըստ ձեզի, ասիկա իրենց անձնական փափա՞քն է, թէ մեր միջավայրին պարտադրած «յաջողութեան»  մէկ ձեւը:
2. Հարցում. Եթէ մեր անմիջական շրջապատը աւելի շատ գնահատէր  մէկէ աւելի տաղանդներ ունեցող պատանիները՝ ձեր կարծիքը պիտի փոխուէ՞ր։ Ինչո՞ւ։
Բաժին 2. Ինչո՞ւ Այսպէս կ’ընենք
3. Հարցում. Կը կարծէ՞ք՝ երիտասարդները ազատօրէն կ’ընտրեն իրենց ճամբան, թէ ստիպուած են ընտրել միայն ա՛յն, ինչ որ կարելի է։ Արդեօ՞ք ձախողելու վախն է, որ երբեմն զիրենք կը հեռացնէ որոշ ընտրութիւններէ։
4. Հարցում. Քանի մը հետաքրքրութիւն նոյն ատեն զարգացնելու ձգտումը արդեօ՞ք ձեւ մըն է խուսափելու մէկ մասնագիտութեան դժուարութիւններէն։
5. Հարցում. Արդեօ՞ք ծնողները  երբեմն  կը փորձեն իրենց չիրականացած երազները տեսնել զաւակներուն մէջ՝ զանոնք ծանրաբեռնելով բազմապիսի պարտաւորութիւններով։
Բաժին 3. Հակասութիւններ
6. Հարցում. Ինչո՞ւ մարդիկ կը գովեն զանոնք, որոնք ամէն բանէ քիչ մը տեղեակ են, բայց իրողապէս  անոնք նոյն ատեն կը հիանան մասնագիտացած անձերով։ Ինչպէ՞ս կը բացատրէք այս հակասութիւնը։
7. Հարցում. Ի՞նչ սահմանափակումներ կրնան յառաջանալ, եթէ կեդրոնանանք միայն մէկ տաղանդի վրայ։ Իսկ ի՞նչ կրնայ պատահիլ, եթէ միաժամանակ զարգանանք քանի մը ուղղութեամբ։
Բաժին 4. Ինքնաճանաչում
8. Հարցում. Ձեր պատասխանները հիմնուած են ձեր անձնական փորձառութեա՞ն վրայ, թէ  այն իտէալին (նպատակին), որուն կը փափաքիք հասնիլ։
Բաժին 5. Հաւասարակշռութեան բանաձեւ
9. Հարցում. Կը հաւատա՞ք «T-ձեւի հմտութեան» գաղափարին։ Այս հմտութիւնը կը նշանակէ ունենալ մէկ գլխաւոր մասնագիտութիւն (ուղղահայեաց գիծը) եւ անոր կողքին քանի մը ուրիշ հետաքրքրութիւններ (հորիզոնական գիծը)։ Ասիկա օգտակար լուծում մը կրնա՞յ ըլլալ։
Պատրաստեց Արփի Գրտանեան