Տաքուկ առաւօտ էր։ Մանուկ իր տան պատշգամը նստած հիացումով կը դիտէր պարտէզը։ Արեւը ջինջ երկինքին մէջ բազմած իր տաքուկ շողերով կը շոյէր խնձորենիի մերկ ծառերուն ճիւղերը, որոնք ձմռան ամիսներուն քուն մտած էին ու տակաւին չէին արթնցած։ Նշենիները հազիւ իրենց աչքերը բացած, ծաղկած ճերմակ ու վարդագոյն թերթիկներով արեւուն գգուանքը կը վայելէին։
Պարտէզին հողը, որ անձրեւէն կշտացած էր այս տարի, ծածկուած էր խտութեամբ  հիւսուած կանաչ գորգով, դեղին ծաղիկներով զարդարուած, տեղ-տեղ վարդագոյն ծաղիկներն ալ անոնց միացած էին։
Այս բոլորը կը յուշէին գարնան աւետումը։ Իսկ գարնան պայծառ ու կապոյտ երկինքի անեղծ պատկերը կը զարդարէր երկինքի մէջ շրջանակ կազմող արագիլներու երամները, որոնք կը պարէին ծիծեռնակներու եւ թռչուններու մեղեդիի երաժտութեան վրայ։ Այս հրաշալի միաձուլումով, գարնան աւետումի պատկերը Մանուկին հոգին ուրախութեամբ կը լեցնէր, անոր սիրտը կը խայտար, որովհետեւ իր կեանքի իմաստը, համն ու բոյրը այս բոլորին մէջ կը գտնէր։
Ճիշդ է, որ Մանուկ ձմռան երկար բանտարկութենէ ետք, պատշգամին երկայնքին ճեմելով հաճոյքով եւ ուրախութեամբ կը վայելէր այդ բոլորը, սակայն պարտէզի կուտակուած աշխատանքներուն մասին մտածելէ չէր դադրեր բնաւ։  Անձրեւոտ օրերը անոր միտքը չարչրկած էին։
Մինչ տղան պարտէզի խոտերը կը հնձէր, Մանուկ կը մտածէր, որ գետնախնձորը տնկելու ճիշդ ժամանակն է, անոր սերմերն ալ պատրաստ էին։ Կէսօրին, երբ ճաշի սեղանին նստան, տղուն յիշեցուց թէ՝ պէտք է այս քանի մը օրը առանց ուշացումի գետնախնձորը տնկեն, ճիշդ  ժամանակն է։ Տղան համաձայն էր հօր առաջարկին։ Գիշերը կրկին գետնախնձորի նիւթը  սեղանին դրաւ եւ տղուն յանձնարարեց յաջորդ քանի մը օրերուն  այս գործին լծուիլ, այլապէս ուշացած պիտի ըլլային։ Տղան կրկին համաձայնութեան պատասխանը տուաւ, փորձելով հօր միտքը հանգստացնել։
– Հայրի՛կ, դուն հոգ մի՛ ըներ, վաղը առտու առաջին գործս գետնախնձորը պիտի ըլլայ,- կը շեշտէր տղան։
Ան իր հայրը լաւ կը ճանչնար։ Գիտեր, որ հօր աչքերուն քուն պիտի չիջնէր այդ գիշեր։
– Ինչպէ՞ս հոգ չընեմ, ուրեմն վաղը առտու ես եւ դուն, երկուքով գործի կը լծուինք, այսպիսով գործը շուտով կը վերջացնենք։ Չկարծես ծերացած եմ, ալ չեմ կրնար քեզի օգնել,- կէս կատակ, կէս լուրջ աւելցուց Մանուկ։
Յաջորդ օրը առաւօտեան Մանուկ գետնախնձորի սերմերու սնտուկը կողին հանգչեցնելով, հաստատուն եւ աշխոյժ քայլերով ուղղուեցաւ դէպի պարտէզ, տղան ետին ձգելով։ Ան ալ բահն ու բրիչը ուսին նետած հօր հետեւեցաւ։ Հայրը այնքան աշխոյժ ու եռանդուն կը քալէր, որ շուտով հասաւ այնտեղ, ուր ակօսները պիտի բանային։ Ութը ակօս պիտի բանար տղան, իսկ հայրը բացուած ակօսներուն մէջ պիտի զետեղէր գետնախնձորի սերմերը, յետոյ բացուած ակօսներու երկու կողմերուն վրայ գտնուած հողով ակօսին մէջ զետեղուած սերմերը պիտի թաղէր։
Առաջին ակօսը պատրաստ էր։ Տղան մինչեւ միւս ակօսները պատրաստէր, Մանուկ խանդավառուած գործի լծուեցաւ։ Առաջին սերմը, երկրորդ սերմը ու մէկը միւսին ետեւէն, ու ահա առաջին ակօսի վերջին սերմն ալ թաղեց։ Մանուկ երկրորդ ակօսին անցաւ, բայց այս անգամ եռանդը վառ, ուժը՝  նահանջած։ Ան զգաց, որ ձեռքերը զինք կը դա-ւաճանէին։ Բազուկն ու ափը իր հրահանգներուն չէին ենթարկուեր, անոնք ո՛չ իր ուզածը կ’իրագործէին, ոչ ալ ակնկալած արագութիւնն ու թեթեւութիւնը ունէին։ Իր տուած հրահանգներուն ալ դժկամութեամբ ու դանդաղութեամբ կ’ենթարկուէին։
Իւրաքանչիւր ակօս ամբողջացնելուն եւ յաջորդին անցնելուն, հետզհետէ կը նուաղէին Մանուկին զուարթ երգերը, իսկ գեղգեղող ձայնը աւելի ու աւելի կը տկարանար։ Նոյնիսկ տղուն հետ յաճախակի կատակները կը նուազէին։
Հինգերորդ-վեցերորդ ակօսներու մէջ տեղաւորուած գետնախնձորներու սերմերը փոսին մէջ տեղաւորելէ ետք, դժուարութեամբ ծածկեց զանոնք հողով։ Այս բոլորին հետ մէկտեղ, յոգնածութեան արդիւնքով ճակտի քրտինքին հատիկները թըփ-թըփ սկսան ակնոցի ապակիին վրայ կաթկթիլ ու տեսողութիւնը խանգարել։
Մանուկ իր երկար տարիներու պարտիզպանի կենսագրութեան պատիւին չէր ուզեր բիծ մ’իսկ տեսնել կամ խոստովանիլ ու ընդունիլ, թէ՛ կը յոգնի ու մարմինը հանգիստի կարիք ունի, առաջուայ նման երկար ժամերով չի կրնար աշխատիլ։ Իր անկարողութեան եւ յոգնութեան դիմաց հոգին կը փոթորկէր։ Ինչպէ՞ս եւ որո՞ւ բացայայտել իր նահանջն ու ընկրկումը ու խօսք չբերել իր պարտիզպանի վարկին։
Ու փոխանակ ծունկի վրայ նստած աշխատելու, գետին նստեցաւ, աւելի հանգիստ զգաց ու այսպէս շարունակեց աշխատանքը։ Յաճախակիօրէն տղուն կողմը կը նայէր, յուսալով թէ՝ ակօսներու գործը ամբողջացնելով, շուտով իրեն կը մօտենայ եւ գործը միասին կը վերջացնեն։
Տղան հօր աշխատանքին կը հետեւէր ու այս բոլորը կը նկատէր, բայց ան ալ իր կարգին չէր ուզեր արարք մը գործել կամ խօսք մը ըսել եւ մշակ իր հայրը վիրաւորել։ Բրիչը ձեռքէն վար առաւ եւ հօրը մօտեցաւ.
– Հայրի՛կ, ես գործը ամբողջացուցի, եկո՛ւր միասին շարունակենք այս շարքի աշխատանքը, դուն սերմը հողին մէջ տեղաւորէ՛, ես հողը վրան կը լեցնեմ։ Մանուկ շունչ մը առաւ, «հոգի եկաւ» անոր յոգնած մարմինին վրայ։
Ան առանց որեւէ մեկնաբանութեան կամ հարցումի սիրայօժար ընդունեց առաջարկը։ Հագած շապիկի թեւով ճակտի քրտինքը սրբեց ու ակնոցը շապիկին գրպանը տեղաւորեց։ Միասին գործը շարունակեցին։ Իսկապէս երկուքով գործը աւելի հեշտ էր ու աւելի շուտ հասան գործի աւարտին։
– Ձեռքերդ դալար մնան, հայրի՛կ, ներկայութիւնդ ու աշխատանքդ պարտէզին մէջ օրհնութիւն են,- ըսաւ տղան։ Իսկ յիշողութիւնդ իմինէն լաւ է, հայրի՛կ.  ես տետրակին մէջ կը գրեմ, դուն միտքդ պահէ այսօրուան թուականը։
– Հոգ մի՛ ըներ, տղա՛ս, 90-էն հարիւր օր կ’ուզէ, այսինքն՝ 3 ամիս մօտաւորապէս, ես կը յիշեցնեմ, հոգ մի՛ ըներ։ Կրկին միասին պարտէզ կու գանք՝ սերմերէն աճած գետնախնձորները հաւաքելու։
Մանուկ այս խօսքերը կ’ըսէր ու տան ճամբան կը բռնէր։ Ան բարձր եւ ուրախ տրամադրութեամբ կը վերադառնար տուն, հոգեկան բաւարարութիւն ստացած էր, որ այս տարի եւս կրցած էր գետնախնձորի աշխատանքին իր մասնակցութիւնը բերել, թէկուզ իր ֆիզիքական նահանջած կարողութեամբ, բայց ի՞նչ հարց, ինք միշտ հաւատացած էր ու համոզուած, որ այս է կեանքին ընթացքը… տէ՜… ի՞նչ ընել։
Սեւան Ա.  Մանճիկեան