Քսանմէկերորդ դարու մարդը կը բնակի պատմութեան այնպիսի ժամանակաշրջանի մը մէջ, ուր մարդկային միտքը ամէն օր կը դիմագրաւէ աննախադէպ քանակութեամբ տեղեկութիւն, պատկեր, ձայն եւ զգացական խթանում։ Ընկերային ցանցերը, շարժական սարքերը եւ մշտական կապակցուածութիւնը արմատապէս փոխեցին ոչ միայն հաղորդակցութեան ձեւերը, այլ նաեւ՝ մտածելու, զգալու, ուշադրութիւն կեդրոնացնելու եւ իրականութիւնը ընկալելու մարդկային կարողութիւնը։ Այս փոփոխութիւնը այնքան արագ տեղի ունեցաւ, որ գիտութիւնը տակաւին ամբողջովին չէ հասցուցած հասկնալու անոր բոլոր հետեւանքները։
Ընդամէնը քանի մը վայրկեան ընկերային ցանցերու մէջ բաւարար են, որպէսզի մարդը անցնի հակասական զգացումներու եւ գաղափարներու ամբողջ շղթայէ մը։ Ան կրնայ նոյն վայրկեանին տեսնել պատերազմական պատկերներ, յաջողութեան պատմութիւններ, կատակերգական հոլովակներ, քաղաքական հակամարտութիւններ, կրօնական քարոզներ, գիտական տեղեկութիւններ, սարսափելի լուրեր եւ առեւտրական գովազդներ։ Այս բոլորը տեղի կ՚ունենան անհաւատալի արագութեամբ, առանց ուղեղին բնական վերամշակման ժամանակ տրամադրելու։
Հարցը միայն բարոյական կամ մշակութային չէ։ Հարցը խորապէս կենսաբանական, հոգեբանական եւ ուղեղագիտական է։ Արդեօք մարդկային միտքը ի սկզբանէ ստեղծուա՞ծ էր այսպիսի արագ, մասնատուած եւ անդադար փոփոխուող տեղեկատուական միջավայրի մէջ ապրելու համար։ Ի՞նչ կը պատահի ուշադրութեան, յիշողութեան, մտածողութեան եւ հոգեկան հանգստութեան, երբ ուղեղը ամբողջ օրը ենթակայ կը դառնայ արագ խթանումներու տարափի։ Այս գիտական յօդուածը կը փորձէ ուսումնասիրել այդ հարցերը՝ հիմնուելով արդի ուղեղագիտութեան, ճանաչողական հոգեբանութեան եւ վարքաբանական ուսումնասիրութիւններու վրայ։
Ա. Մարդկային Ուղեղը եւ Ուշադրութեան Սահմանափակ բնոյթը
Մարդկային ուղեղը զարգացած է հազարաւոր տարիներու ընթացքին՝ գոյատեւելու բնական միջավայրերու մէջ, ուր տեղեկատուական հոսքը համեմատաբար դանդաղ էր։ Ուշադրութիւնը բնական պայմաններու մէջ կենսաբանական պաշտպանական համակարգ մըն էր, որ մարդուն կ՚օգնէր տարբերելու վտանգը, սնունդը, մարդկային յարաբերութիւնները եւ գոյատեւման համար անհրաժեշտ ազդակները։
Արդի ուղեղագիտական ուսումնասիրութիւնները կը հաստատեն, թէ ուշադրութիւնը անսահման կարողութիւն չէ։ Ան սահմանափակ մտային պաշար մըն է։ Յատկապէս ուղեղին ճակատային բաժինը՝ prefrontal cortex-ը, պատասխանատու է ուշադրութեան կառավարման, որոշումներու, ինքնակառավարումի եւ խոր մտածողութեան համար։ Սակայն այս բաժինը միաժամանակ սահմանափակ քանակութեամբ տեղեկութիւն կրնայ մշակել։
Երբ մարդը շատ արագ կերպով մէկ տեղեկութենէ միւսին կ՚անցնի, ուղեղը ստիպուած կ՚ըլլայ շարունակ փոխել իր ուշադրութեան ուղղութիւնը։ Այս երեւոյթը գիտութեան մէջ կը կոչուի attention switching՝ ուշադրութեան անընդհատ տեղափոխում։ Թէեւ շատեր կը կարծեն, թէ իրենք “multitasking” կը կատարեն, իրականութեան մէջ ուղեղը միաժամանակ քանի մը խոր գործընթաց կատարել չի կրնար։ Ան միայն շատ արագ կերպով ուշադրութիւնը կը փոխադրէ մէկ խնդիրներէն միւսը։
Այս անընդհատ փոխադրումը ունի կենսաբանական գին։ Ամէն տեղափոխում ուղեղէն լրացուցիչ ուժ կը պահանջէ։ Ժամանակի ընթացքին այս գործընթացը կը յառաջացնէ մտային յոգնածութիւն, որոշումներու որակի անկում եւ կեդրոնացման տկարացում։
Բ. Տեղեկատուական գերբեռնուածութիւն եւ ուղեղի քիմիական արձագանգները
Ընկերային ցանցերը պատահական կերպով չեն կառուցուած։ Անոնք մշակուած են մարդկային ուշադրութիւնը հնարաւորինս երկար գրաւելու համար։ Այս հարթակները կը գործեն ուղեղի պարգեւատրման համակարգին վրայ՝ յատկապէս dopamine-ի արտազատման միջոցով։
Տոփամինը հաճոյքի պարզ “քիմիական նիւթ” մը չէ միայն։ Ան ակնկալութեան, հետաքրքրասիրութեան եւ որոնման հետ կապուած հիմնական ջեղերու քիմիական համակարգ մըն է։ Ամէն նոր ծանուցում, “like”, տեսանիւթ կամ անակնկալ տեղեկութիւն ուղեղին մէջ փոքր տոփամինային արձագանգ կը ստեղծէ։ Ուղեղը կը սկսի ակնկալել նոր խթանումներ։
Այս պատճառով ընկերային ցանցերը կը դառնան հոգեբանական առումով “variable reward system”՝ վարձատրութեան փոփոխական համակարգ։ Մարդը երբեք չ՚ակնկալեր թէ յաջորդ տեսանիւթը ի՛նչ պիտի ըլլայ։ Այս անորոշութիւնը ուղեղին մէջ աւելի ուժեղ կախուածութեան վարք կը ստեղծէ, որովհետեւ ակնկալութիւնը ինքնին հաճոյքի աղբիւր կը դառնայ։
Ժամանակի ընթացքին ուղեղը կը վարժուի արագ խթանումներու։ Արդիւնքը այն է, որ դանդաղ ընթացող գործունէութիւնները՝ գիրք կարդալը, երկար մտածումը, ուսումնասիրութիւնը կամ հանդարտ զրոյցը, կը սկսին «բաւարար խթանում» չտալ ուղեղին։ Մարդը անգիտակցաբար կը փնտռէ արագութիւն, նորութիւն եւ անմիջական զգացական փոփոխութիւն։
Գ. Ուշադրութեան մասնատումը եւ խորաթափանց մտածողութեան կորուստը
Հոգեբանութեան մէջ այսօր լայնօրէն ուսումնասիրուող երեւոյթ մըն է ուշադրութեան մասնատումը (attention fragmentation)։ Երբ ուշադրութիւնը շատ յաճախ ընդհատուի, միտքը կը կորսնցնէ խորաթափանց մտածելու կարողութիւնը։
Խորաթափանց մտածողութիւնը ժամանակ կը պահանջէ։ Մարդկային միտքը կարիք ունի շարունակական եւ անընդհատ կեդրոնացման՝ գաղափարները իրար կապելու, վերլուծելու եւ ստեղծագործական եզրակացութիւններու հասնելու համար։ Սակայն ընկերային ցանցերու միջավայրը կառուցուած է ճիշդ հակառակ սկզբունքով՝ կարճ, արագ եւ շարունակ ընդհատուող ուշադրութեան համար։
Արդիւնքը այն է, որ մարդը սկսի.
-կիսատ տեղեկութիւն ընթերցել,
-կիսատ ուշադրութեամբ լսել,
-մակերեսային կերպով մտածել,
-արագ զգացական արձագանգ տալ,
-եւ դժուարանալ երկար ժամանակ մէկ մտքի վրայ կեդրոնանալու։
Այս երեւոյթը միայն արտադրողականութեան հարց չէ։ Ան աստիճանաբար կը փոխէ մտածողութեան որակը։ Մարդիկ աւելի արագ կարծիք կը կազմեն, աւելի քիչ կը խորհին եւ աւելի դժուարութեամբ կը դիմանան մտային լռութեան։
Դ. Մշտական զգօնութեան վիճակը եւ հոգեկան յոգնածութիւնը
Մարդկային ջղային համակարգը ստեղծուած չէ մշտական զգօնութեան վիճակի մէջ ապրելու համար։ Սակայն արդի թուային միջավայրը ուղեղը շարունակաբար «արթուն» կը պահէ։
Ամէն ծանուցում ուղեղին համար փոքր «զգուշացման ազդանշան» մըն է։ Նոյնիսկ երբ մարդը գիտակցաբար չ՚արձագանգեր, ուղեղը ստիպուած կ՚ըլլայ գնահատելու՝ արդեօք այդ տեղեկութիւնը կարեւոր է թէ ոչ։ Այս գործընթացը կը սպառէ մտային ուժը։
Ուսումնասիրութիւններ ցոյց կու տան, որ յաճախակի ընդհատումները կը բարձրացնեն cortisol-ի՝ լարուածութեան հորմոնի մակարդակը։ Երբ այս վիճակը երկարատեւ դառնայ, մարդը կրնայ զգալ՝ ներքին անհանգստութիւն, մտային մշուշ, դիւրագրգիռ կը դառնայ, քունի խանգարումներ կ՚ունենայ, զգացական մօտեցումները կը սպառին եւ կեդրոնացման անկարողութեան կը հասնի։
Հետաքրքրական է, որ շատ մարդիկ երեկոյեան ամբողջովին սպառած կը զգան իրենք զիրենք, հակառակ անոր որ ֆիզիքական ծանր աշխատանք չեն տարած։ Պատճառը այն է, որ ուղեղը ամբողջ օրը մշակած է հազարաւոր մանր ազդակներ, զգացումներ եւ տեղեկութիւններ։
Ե. Աշխատանքային յիշողութեան տկարացումը
Աշխատանքային յիշողութիւնը (working memory) մարդկային ճանաչողական համակարգին առանցքային բաղադրիչներէն մէկն է։ Ան պատասխանատու է տեղեկութիւնները ժամանակաւոր պահելու եւ զանոնք մտածողութեան ընթացքին օգտագործելու համար։
Խորաթափանց ուսումնասիրութիւնը, տրամաբանական մտածումը եւ ըստայնմ որոշումներու գոյացումը ուղղակիօրէն կախեալ են աշխատանքային յիշողութենէն։ Սակայն շարունակական ընդհատումները կը ծանրաբեռնեն այս համակարգը։
Ամէն անգամ երբ մարդ կը ստուգէ իր հեռաձայնը, կը կարդայ ծանուցում մը կամ կը փոխէ ուշադրութեան ուղղութիւնը, ուղեղը ստիպուած կ՚ըլլայ նոր տեղեկութիւն մշակել եւ նախորդ մտային ընթացքը ժամանակաւոր դադրեցնել։ Ուսումնասիրութիւնները կը ցոյց տան, թէ ընդհատումէն ետք ուղեղին երբեմն քանի մը վայրկեան պէտք կ՚ըլլայ՝ իր նախկին կեդրոնացման մակարդակին վերադառնալու համար։
Այս պատճառով անդադար հաղորդագրութիւնները եւ “scrolling”-ը միայն ժամանակ չեն խլեր։ Անոնք կը թոյլցնեն մտածողութեան ներքին շարունակականութիւնը։
Զ. Մանուկներու եւ պատանիներու զարգացող ուղեղը
Ամէնէն մտահոգիչ հարցերէն մէկը մանուկներու եւ պատանիներու ուղեղային զարգացումն է։ Երիտասարդ ուղեղը տակաւին զարգացման ընթացքի մէջ է եւ աւելի զգայուն է արտաքին խթանումներու նկատմամբ։
Երբ զարգացող միտքը ամէն օր ենթակայ կ՚ըլլայ հարիւրաւոր արագ պատկերներու, կարճ տեսանիւթերու եւ վայրկենական հաճոյքներու, ուղեղը կը սկսի այդ արագութիւնը բնական համարել։ Արդիւնքը կրնայ ըլլալ՝ համբերութեան անկում, երկարատեւ ուշադրութեան տկարացում, ուսման դժուարութիւններ, զգացական անկայունութիւն եւ ներքին լռութեան հանդուրժելու անկարողութիւն։
Սերունդ մը աստիճանաբար կը մեծնայ այնպիսի միջավայրի մէջ, ուր արագութիւնը աւելի բնական կը թուի քան հանգստութիւնը, իսկ մշտական խթանումը՝ աւելի սովորական քան լռութիւնը։
Է. Ուշադրութեան պաշտպանութիւնը՝
Որպէս ժամանակակից գոյատեւման հմտութիւն, այս պայմաններուն մէջ ուշադրութիւնը այլեւս պարզ մտային կարողութիւն մը չէ։ Ան դարձած է գոյատեւման հոգեբանական ռազմավարութիւն։
Ամէնէն հանդարտ, ստեղծագործ եւ արտադրողական մարդիկ շատ անգամ ամենախելացիները չեն։ Շատ յաճախ անոնք են, որոնք գիտակցաբար պաշտպանած են իրենց ուշադրութիւնը։
Ուշադրութեան պաշտպանութիւնը կրնայ ներառել՝ լռութեան ժամեր, ծանուցումներու սահմանափակում, հեռաձայնէն ժամանակաւոր հեռացում, խորաթափանց ընթերցանութիւն եւ ուշադրական վարժութիւններ, ինչպէս նաեւ բնութեան մէջ ժամանակի անցկացում եւ տեղեկատուական ծոմապահութիւն։
Ուղեղը վերականգնումի կարիք ունի։ Ինչպէս մարմինը հանգիստի կը կարօտի, նոյնպէս միտքը կարիք ունի անխախտ լռութեան եւ դանդաղութեան։
Ը.Թուային դարաշրջանը
Մարդկութեան պատմութեան մէջ ասիկա ամենամեծ տեղեկատուական յեղափոխութիւններէն մէկն է։ Սակայն մարդկային ուղեղը տակաւին կը կրէ այն կենսաբանական կառոյցը, որ զարգացած էր դանդաղ, բնական եւ համեմատաբար հանդարտ աշխարհներու մէջ։
Այսօր մարդը առաջին անգամ կը փորձէ ապրել միջավայրի մը մէջ, ուր ուշադրութիւնը դարձած է տնտեսական արժէք, իսկ մարդկային միտքը՝ մշտական մրցակցութեան դաշտ։ Ընկերային ցանցերը, արագ տեղեկատուութիւնը եւ անդադար խթանումները ոչ միայն կը փոխեն մեր սովորութիւնները, այլ նաեւ՝ մեր մտածողութեան ձեւը։
Ուստի մտքի պաշտպանութիւնը այլեւս շռայլութիւն մը չէ։ Ան անհրաժեշտութիւն է՝ հոգեկան առողջութիւնը, խորունկ մտածողութիւնը, ստեղծագործութիւնը եւ ներքին խաղաղութիւնը պահպանելու համար։
Որովհետեւ այն միտքը, որ այլեւս լռութեան պահեր չի գտներ, աստիճանաբար կը կորսնցնէ իր ամենակարեւոր կարողութիւնը՝ խորապէս տեսնելու, հասկնալու եւ իմաստուն կեանք մը վարելու կարողութիւնը։
Յակոբ Պարսումեան