Կը հանդիպիմ իրեն բարեկամուհիի մը տունը. կը ծանօթացնէ զինք.
-Լամիս Չէլէպին է, հիմա արդէն Լամիս Խուլուսի, դպրոցի օրերէն ընկերուհիներ էինք, այնքա՜ն կարօտ ունինք իրարու հանդէպ:
Չէլէպի անունը յուշերու խտղտում մը կ’առաջացնէ միտքիս մէջ՝ Չէլէպի… Չէլէպի՞…
Ու կը լսեմ կարծես մօրս եւ մօրաքոյրներուս զրոյցները.
– Այսօր նորէն տիկին Սաթենիկը եկեղեցի եկեր էր:
– Ամէն Կիրակի կու գայ, հինգ զաւակներն ալ հետը կը բերէ:
– Ղաֆասը, բազմոցը բռնած կը պոռար՝ մէկդի կեցէ՛ք, մէկդի կեցէք կ’ըսեմ… ու գաւազանը ամուր-ամուր գետին զարնելով տարաւ տիկին Սաթենիկը իր սովորական աթոռին վրայ բազմեցուց:
– Բայց իրաւ ի՜նչ ազնուական կին է:
– Ես կ’ըսեմ՝ զօրաւոր կին է, ինչպէս ալ կրցեր է իսլամ ամուսինը համոզել, որ ամէն Կիրակի թէ՛ ինք, թէ՛ զաւակները եկեղեցի երթան:
Բայց միայն եկեղեցի չէ որ կ’երթան, այլ նաեւ վարդապետներու եւ մայրապետներու դպրոցներ:
Ուրեմն ա՛յդ Չէլէպին է…
Բարեկամուհիս, կարծես լսելով մտորումներս, կ’ըսէ.
– Մայրը՝ տիկին Սաթենիկը, հաւանաբար մօրդ եւ մօրաքոյրներուդ ծանօթ է:
Լամիսը Սաթենիկին հինգ զաւակներէն ամէնէն փոքրն է, հիմա արդէն իր վաթսուններուն մէջ հանըմ մը, ճերմակամորթ, ժպտուն, բարի աչքերով: Արդեօք հայերէն գիտէ՞, եթէ մայրը զիրենք ամէն օր եկեղեցի տարեր է, ուրեմն հաւանաբար նաեւ հայերէն խօսեր է իրենց հետ:
Հարցումները կը խճողեն միտքս, մինչ ես ուշադիր կը դիտեմ զինք, կարծես կը փնտռեմ արեան գիրը ճակտին վրայ՝ հայ: Չեմ գտներ: Ու յանկարծ, կարծես լսելով հարցումներս, կը սկսի խօսիլ:
– Մայրս իր առաջին ամուսինէն ունեցած երկու մեծ զաւակները՝ Սուրէնն ու Արաքսին Ամերիկա ղրկեց, ծնողքին. յետոյ երբ միայն ե՛ս մնացեր էի իր քով, հինէն-նորէն կը խօսէինք, պատմեր էր, որ հայրս իրեն առաջարկեր է կա՛մ ծնողքին քով, Ամերիկա երթալ, կա՛մ նորանկախ Հայաստան, կամ ալ… իր հետ ամուսնանալ. մայրս նախընտրեր էր վերջինը:
– Ինչո՞ւ կը կարծէք որ նախընտրեր էր ձեր հօր հետ ամուսնանալ եւ Հալէպ մնալ:
– Սկիզբը, անկեղծօրէն, չէի հասկնար իր այդ որոշումը: Յետոյ, երբ կեանքը զիս իմաստուն դարձուց, հասկցայ որ ատիկա նաեւ իր առաջին ամուսինին՝ Վաղարշակ Պապայեանին հանդէպ երախտագիտութիւն էր, որովհետեւ Վաղարշակը հօրս՝ Մուսթաֆային սերտ ընկերը եղեր է պատերազմի ծանր օրերուն, ու երբ թուրքերը բռներ են զինք, հօրս խնդրեր է որ իր կնոջ եւ երկու զաւակներուն հոգ տանի… Թերեւս ա՛յդ է պատճառը:
– Լսեր եմ, որ ձեր հայրը՝ բժիշկ Մուսթաֆա Չէլէպին թէ՛ ազնուական ընտանիքէ կը սերէր, թէ՛ ալ ազնուագոյն տեսակի մարդ էր, այնպէս չէ՞:
– Պէտք եղածէն աւելի ազնիւ…
Լամիսի ձայնին մէջ տխրութեան եւ բարկութեան խառն երանգ մը կը գտնեմ:
– Այո՛, լսեր եմ, որ Ջարդի օրերուն քառասուն հայ աղջիկներու կեանքը ազատեր է…
– Այո…
Կ’ըսէ ու կը լռէ: Ձայնին մէջ տխրութիւնը շատ թանձր է: Շարունակե՞մ զրոյցս արդեօք:
– Շատ ազնիւ էր եւ շատ թոյլատու մօրս հանդէպ. «ինչ որ յարմար կը տեսնես, ինչպէս որ յարմար կը տեսնես, այդպէս ալ ըրէ» կ’ըսէր մօրս եւ բնաւ չէր խառնուեր մեր կեանքին:
– Իրապէս ազնիւ մարդ է եղեր,- կ’ըսեմ:
– Բայց իր զաւակներուն հանդէպ տարբեր պէտք էր ըլլար իր կեցուածքը. այդքան ազատութիւն…
Կ’ըսէ ու կրկին կը լռէ: Կ’որոշեմ նիւթը փոխել:
– Քանի՞ զաւակ ունիք:
Չի լսեր. աչքերը այլ տեղ են, այլ ժամանակներու յառած:
– Ես ու քոյրս մայրապետներու դպրոց գացինք, եղբայրներս՝ վարդապետներու: Քոյրս ֆրանսացիի մը հետ ամուսնացաւ՝ ֆրանսացի կաթոլիկ…
Բայց ինչո՞ւ այսքան բարկացեր է քրոջ ամուսնութեան համար, չեմ հասկնար:
– Եղբայրներէս մէկը… անձնասպան եղաւ:
– Որովհետեւ վարդապետներո՞ւ դպրոց կ’երթար,- չեմ կրնար զսպել ինքզինքս, բայց անմիջապէս կը զղջամ հարցումիս համար: Ի՛նչ ալ որ ըլլայ պատճառը, հարազատի մը անձնասպանութիւնը շատ դժուար է խօսելու համար պատահական հանդիպումի մը ընթացքին:
Լամիս կարծես մոռցեր է գոյութիւնս, չի լսեր վերջին խօսքս եւ կը շարունակէ իր յուշերուն մէջ թաղուած մնալ: Ձայնին մէջէն կը զօրանայ բարկութեան երանգը.
– Մէկը անձնասպան եղաւ, միւսը ամուսնալուծուեցաւ, ես այսպէս…
– Ինչպէ՞ս:
– Կորսուած… չէի գիտեր հա՞յ եմ թէ իսլամ:
Մայրապետներու դպրոց գացած եւ համալսարանաւարտ այս կինը չի՞ գիտեր տարբերութիւնը ազգութեան եւ կրօնքին:
– Կը տառապէի… հայրս ալ ՇԱՏ ազնիւ էր, բայց իրաւունք չունէր այդքան ազնիւ ըլլալու, իր զաւակները այսպիսի վիճակի մատնելու չափ…
Հիմա կարգը ինծի կու գայ բարկութեան. մարդ որքա՞ն եսակեդրոն ըլլալու է, ուրիշին տառապանքը անտեսելու եւ իր տխրութիւնները ողբալու համար. գիտէ՛ թէ ինչպիսի աննկարագրելի տառապանք ապրեր են իր մայրն ու անոր նման հայ կիներն ու աղջիկները. բայց ինք նստեր իր քրոջ ամուսնալուծումը կ’ողբայ. եթէ միայն եղբօր մասին խօսէր, թերեւս հասկնայի:
– Վերջը կրցա՞ր գիտնալ թէ ի՛նչ ես:
Զգա՞ց հեգնախառն բարկութիւնս:
– Հարսս փրկեց զիս. «Հայրդ իսլամ է, ուրեմն դո՛ւն ալ իսլամ ես. վերջակէ՛տ», ըսաւ:
Այս կնոջ երակներուն մէջ հաւասարապէս երկու տարբեր արիւններ կը հոսին. կը սպասէի, որ ընդունէր իր հայ ըլլալու 50% տոկոսին իրողութիւնը, եւ անով բարձրաձայն խօսէր կատարուած ահաւոր դէպքերուն մասին: Բայց ոչ, գլուխը մտցուցեր է կրօնքին ապահովութեան մէջ եւ հոնկէ կը մեղադրէ հայրը, որ «շատ ազնիւ էր, պէտք եղածէն աւելի ազնիւ»: Այսքա՞ն հզօր է իրենց արիւնը, հակառակ իր պղտորութեան:
Կ’երեւի զգաց հեգնախառն բարկութիւնս, որովհետեւ փոխեց դէմքին արտայայտութիւնը, դարձաւ իր դասընկերուհիին եւ շարունակեց ընդհատուած զրոյցը, գոյութիւնս ամբողջովին մոռցած:
 Մարուշ Երամեան