Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանէն ներս, ԺԱ. կարգի աշակերտութիւնը գրեթէ ճեմարանաւարտ կը համարուի, որովհետեւ յաջորդող տարին՝ պաքալորիան պիտի անցընէ հեւիհեւ դասընթացքներու հետեւելով ու հարկադրաբար հեռու պիտի մնայ դպրոցական առօրեայ դասաւանդութենէն։ Տարիներէ ի վեր ա՛յս է իրավիճակը՝ անլուծելի ու կնճռոտ խնդիր մը, որ բարւոք լուծումի մը չէ յանգած մինչ օրս։
Ի մտի ունենալով, որ այս սերունդը, իր լրիւ կազմով, դժուար թէ կարենայ համախմբուիլ յառաջիկայ տարեշրջանին՝ որոշեցի հայերէնի վերջին դասապահուն ծանօթացնել զիրենք «Հրաչ Փափազեան» յուշասրահարխիւատան։ Նպատակս աշակերտութիւնը Ճեմարանի պատմական անցեալին հետ առնչել էր եւ վերջին դրական տպաւորութեամբ եզրափակել տարեշրջանը։
 Մեր ուսանողութեան տարիներուն փարթամ գրադարան մըն էր այս տարածքը, որ 2011-ին, Ճեմարանի Շրջանաւարտից Միութեան ատենապետ ու ճեմարանաւարտ Կարօ Արծիւեանի նուիրատուութեամբ վերածուեցաւ յուշասրահի։ Աշակերտները անհամբեր էին մօտէն տեսնելու դպրոցի այս ոգեղէն հարստութիւնը, ուրկէ մօտաւոր ութ տասնամեակներու պատմութիւն կը բուրէ։ Յուշասրահի կեդրոնին ցուցադրուած էր Ճեմարանի հին շինութեան մանրակերտը, իսկ ճակատին կը հանգչէին երրեակ հիմնադիրներուն՝ դանիացի հայասէր ու բարերար Քարէն Եփփէի, երջանկայիշատակ Զարեհ Ա. կաթողիկոսի եւ ազգային գործիչ Հրաչ Փափազեանի պրոնզեայ որմաքանդակները. արուեստի իւրայատուկ նմոյշներ, որոնք ձեռակերտն են քանդակագործ Վարդգէս Պարսումեանի։
Յուշասրահի մուտքին, աջին, ցուցադրուած էին Ճեմարանի իրերայաջորդ տնօրէններու լուսանկարները։ Աշակերտները զարմացած նկատեցին, թէ հիմնադրութեան առաջին տարիներուն իսկ, տնօրէնութեան պաշտօնին կոչուած է իգական սեռի ներկայացուցիչ մը՝ Գոհար Չոպանեան-Թէօլէօլեանը, գրող ու հրապարակագիր Մինաս Թէօլէօլեանի կողակիցը։ Արշակ Չոպանեանի հետ ազգականական կապ մը ունէ՞ր արդեօք՝ տեղեակ չեմ։ Սակայն աչքերս փնտռեցին մեր տարիներու պատկառելի տնօրէնը՝ Վարդգէս Նալպանտեանը, որուն շուքէն կը դողայինք ամէնքս։ Մինչ երէց սերունդներու յիշողութեան մէջ անջնջելիօրէն դաջուած կը մնայ Անդրանիկ Խաչատուրեանի խորհրդաւոր տիպարը. ինչքա՜ն պատմութիւն լսած եմ այս անձնաւորութեան մասին, բոլորն ալ ջերմ ու դաստիարակչական բնոյթով…։
Խումբ մը աշակերտներ սկսան թերթատել մեծ խաւաքարտերու վրայ հերթով շարուած ու հաստափոր մատեանի մը վերածուած սերունդներու ամավերջի հանդէսի խմբանկարները։ Մէկը իր ծնողքը կը փնտռէր, միւսը՝ իր քոյրն ու եղբայրը։ Ի՜նչ երջանկութիւն, երբ զիս ալ նշմարեցին անոնց մէջ։ Այո՛, մեր՝ 1994-ի սերունդը մկրտուած էր ազգային քաղաքական գործիչ, գրող ու հրապարակագիր Նիկոլ Աղբալեանի անունով։ Ճեմարանի գեղեցիկ աւանդոյթներէն մէկն ալ այս է՝ մեծերը յաւերժացնել սերունդներու անուանումով։
Պատերուն վրայ, հին ու նոր լուսանկարներու շարաններ կը տողանցէին ամէնուր. կրթօճախի հիմնարկէքէն, շրջանաւարտ առաջին քանի մը սերունդներու պատմական պահերէն, ականաւոր հիւրերու այցելութիւններէն, կրթական մշակներու պարգեւատրումներէն պատառիկներ էին անոնք։ Վերջին բաժինի ընտրանիին մէջ աշակերտութեան ծանօթ միակ ուսուցիչը վաղամեռիկ Թելլո Փափազեանն էր։ Ափսոսանքի հարազատ բառեր հնչեցին իրենց շրթներէն այս առթիւ։ Մինչ ինծի համար շա՜տ սիրելի ու հարազատ դէմքեր կային այստեղ. սերունդներու յիշողութեան մէջ իւրօրինակ տպաւորութիւն թողած հայերէնաւանդ՝ Մկրտիչ Մկրտիչեան, մայրենիի անզուգական մեր ուսուցիչը՝ լեզուաբան դոկտ. Յակոբ Չոլաքեան, երկրորդականի դաստիարակ՝ Անի Իֆատեան, անգլերէնի դասատուներ՝ Մարի Խըմմո եւ Զեփիւռ Մուղալեան, արաբերէնի վաստակաւոր վարպետ, հմուտ ուսուցիչ՝ Տիմիթրի Հաթէմ եւ ուրիշներ։ Իսկական արժանաւորներ էին մեր ուսուցիչները։ Վերոյիշեալներէն իւրաքանչիւրին հետ կապուած յուշ մը, տպաւորութիւն մը ակամայ պարուրեց հոգիս, բայց ներքուստ հպարտ էի, որ մենք ենք այսօրուան ջահակիրները եւ գործի շարունակականութիւնը երաշխաւորողները։
Պահը եկած էր խմբանկար մը առնելու։ Բոլորուեցանք հիմնադիրներուն շուրջ ու վերանորոգեցինք մեր ուխտը՝ երգելու «Ճեմարանի փառքը անվաճխան, օտարութեան մրրիկներուն դէմ դաժան»։
Ճեմարանը տարագիր հայուն դէպի լոյսի անաւարտ պատմութիւնն է։ Ճեմարանը մեր նախնիներուն փոխանցած անգին աւանդն է եւ իրականացած տեսիլքը։ Իսկ ճեմարանաւարտ ըլլալը իրապէ՛ս պատիւ է ու պարծանք…։
 Սիւզի Խշուաճեան-Փիլաւճեան